Թա­ներ Աք­չամ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

24 Mayıs 2017  

Թա­ներ Աք­չամ -

Թա­ներ Աք­չամ Հիմ­նո­ւե­լով նոր փաս­տա­թուղ­թե­րուն վրայ՝ այժմ շատ դժո­ւար է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ժխտել

Մինչ աշ­խար­հի տա­րած­քին հա­յօ­ճախ­նե­րը կ’ո­գե­կո­չէին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 102րդ տա­րե­լի­ցը՝ թուրք պատ­մա­գէտ դոկտ. ­Թա­ներ Աք­չա­մի կող­մէ կա­տա­րուած նո­րա­գոյն յայտ­նա­բե­րու­մը վե­րա­ծո­ւած էր քննար­կու­մի գլխա­ւոր նիւ­թի‚ ո­րուն անդ­րա­դար­ձան ա­ռա­ջա­տար լրա­տո­ւամ­ջիոց­ներ եւ հրա­տա­րա­կու­թիւն­ներ։ Աք­չամ‚ որ կը կո­չո­ւի նաեւ «­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­Շեր­լօք ­Հոլմզ»ը‚ տա­րի­նե­րէ ի վեր կ’ու­սում­նա­սի­րէ Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը՝ հա­ւա­քե­լով աշ­խար­հի տա­րած­քէն փաս­տա­թուղ­թեր, պայ­քա­րե­լու հա­մար թրքա­կան պե­տու­թեան ժխտո­ղա­կա­նու­թեան դէմ։
Ըստ Աք­չա­մի՝ իր վեր­ջին բա­ցա­յայ­տու­մը‚ զոր կը նկա­տէ «ան­հեր­քե­լի փաստ» եւ «ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պա­տին վեր­ջին ա­ղիւ­սը»‚ ­կը փաս­տէ‚ թէ օս­մա­նեան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը կը գի­տակ­ցէր եւ մեղ­սա­կից էր հայ ժո­ղո­վուր­դի բնաջն­ջու­մին։ Այս փաս­տա­թուղ­թե­րը ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մէն ետք կը կար­ծո­ւէին կոր­սո­ւած ըլ­լալ‚ սա­կայն այժմ յայտ­նա­բե­րո­ւած են։
Փաս­տա­թուղ­թը‚ որ յետ-պա­տե­րազ­մեան թուրք կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ վա­ւե­րա­կան նկա­տո­ւած է‚ օգ­տա­գոր­ծո­ւած է ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան հե­ղի­նակ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րը (­Միու­թիւն եւ ­Յա­ռաջ­դի­մու­թիւն կու­սակ­ցու­թեան հիմ­նա­դիր­նե­րէն մէ­կը) դա­տա­պար­տե­լու՝ իբ­րեւ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ծրագ­րող գլխա­ւոր յան­ցա­գործ­նե­րէն մէ­կը։

Ս­տո­րեւ՝ «Ար­մի­նիըն Ո­ւիք­լի»ի հար­ցազ­րոյ­ցը Աք­չա­մի հետ

Տիգ­րան ­Խո­տա­նեան — ­Հե­ռա­գի­րի յայտ­նա­բե­րու­մը կո­չած էք «ան­հեր­քե­լի փաստ» եւ «ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պա­տին վեր­ջին ա­ղիւ­սը»։ Ին­չո՞ւ այս փաս­տա­թուղ­թը ա­ւե­լի կա­րե­ւոր կը նկա­տէք, քան ար­դէն իսկ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող միւս փաս­տե­րը։

Թա­ներ Աք­չամ — Այս փաս­տա­թուղ­թը կը հաս­տա­տէ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին հա­ւա­քո­ւած փաս­տե­րը։ ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան մա­սին ա­մէ­նէն կա­րե­ւոր աղ­բիւր­նե­րէն մէ­կը ­Պոլ­սոյ մէջ զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­վա­րու­թեան ար­ձա­նագ­րու­թիւն­ներն են։ ­Պատ­մա­գէտ ­Վա­հագն ­Տատ­րեան այդ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րը օգ­տա­գոր­ծած է՝ վերց­նե­լու հա­մար ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կա­նու­թեան պա­տը։ ­Սա­կայն‚ դա­տա­րա­նի փաս­տա­թուղ­թե­րը միշտ քննա­դա­տո­ւած են‚ ո­րով­հե­տեւ բնա­գիր­ներ չէին։
Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ‚ ­Կուն­թըր ­Լե­ւի իր «Օս­մա­նեան ­Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան ջար­դե­րը՝ վի­ճե­լի ցե­ղաս­պա­նու­թիւն մը» խո­րա­գի­րով գիր­քին մէջ ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նի նիւ­թե­րը թե­րագնա­հա­տեց՝ պնդե­լով, որ բնա­գիր­նե­րը չու­նինք‚ ո­րով­հե­տեւ գո­յու­թիւն չու­նին։ Այդ գիր­քին մէջ ան կը գրէ.- «1919-20ի ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նի հո­լո­վոյ­թի ա­պա­ցու­ցա­կան ար­ժէ­քին ազ­դող լրջա­գոյն հար­ցը այդ դա­տա­վա­րու­թիւն­նե­րուն բո­լոր փաս­տա­թուղ­թե­րուն կո­րուստն է։ Այդ մէ­կը կը նշա­նա­կէ‚ որ բնա­գիր­նե­րը չու­նինք փաս­տա­թուղ­թե­րուն‚ եր­դո­ւեալ վկա­յու­թիւն­նե­րուն եւ տո­ւեալ­նե­րուն‚ ո­րոնց վրայ հիմ­նուած են հաս­տա­տում­ներն ու վճիռ­նե­րը» (էջ 80)։
Եւ այժմ ու­նինք բնա­գիր փաս­տա­թուղ­թե­րը՝ պաշ­տօ­նա­կան ան­թե­թա­ւոր թուղ­թե­րու վրայ‚ ո­րոնք գրո­ւած են ծած­կագ­րի հա­մա­կար­գով մը։ ­Ծած­կագ­րի հա­մա­կար­գը մե­զի կ’ար­տօ­նէ սպա­նու­թեան եւ սպան­դի գոր­ծո­ղու­թեան առն­չո­ւած նա­մակ­նե­րուն իս­կու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու։ Այս մէ­կը մեծ հա­րո­ւած մըն է ժխտո­ղա­կան պնդում­նե­րուն։ ­Պի­տի շա­րու­նա­կեմ հրա­պա­րա­կել զի­նո­ւո­րա­կան դա­տա­րան­նե­րէն յա­ւե­լեալ փաս­տա­թուղ­թեր‚ ո­րով­հե­տեւ գո­յու­թիւն ու­նե­ցող աշ­խա­տու­թեանց կա­րե­ւոր յա­ւե­լում մըն են ա­նոնք։

Տ.Խ. — ­Դուք նշած էք‚ որ փաս­տա­թուղ­թը գտած էք հայ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պե­տի մը՝ Գ­րի­գոր ­Կեր­կէ­րեա­նի զար­մի­կին մօտ։ Կր­նա՞ք այդ մա­սին խօ­սիլ։ Ինչ­պէ՞ս կրցաք վեր­ջա­պէս ա­պա­հո­վել փաս­տա­թուղ­թը։

Թ.Ա. — ­Փաս­տա­թուղ­թը ­Նիւ Եոր­քի մէջ հայ կա­թո­ղի­կէ վար­դա­պետ Գ­րի­գոր ­Կեր­կէ­րեա­նի անձ­նա­կան ար­խի­ւին մէջն էր։ Բ­նա­գի­րը կը գտնո­ւի Ե­րու­սա­ղէ­մի ­Հա­յոց ­Պատ­րիար­քու­թեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ։ ­Կեր­կէ­րեան 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն այ­ցե­լած է ­Պատ­րիար­քա­րան եւ այդ ար­խիւ­նե­րը ամ­բող­ջու­թեամբ լու­սան­կա­րած։ ­Հան­րա­ծա­նօթ փաս­տա­թուղթ մըն է եւ բազ­մա­թիւ ան­գամ հրա­պա­րա­կո­ւած է։ 1919-1921ին ­Պոլ­սոյ գլխա­ւոր դա­տա­վա­րու­թեան մէջ լայ­նօ­րէն մէջ­բե­րո­ւած է։ ­Տատ­րեան անձ­նա­պէս այ­ցե­լեց Ե­րու­սա­ղէմ՝ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ կա­պի մէջ էր Կեր­կէ­րեա­նի հետ‚ այս հե­ռա­գի­րը օգ­տա­գոր­ծեց եւ իր են­թագ­րու­թիւն­նե­րուն մէջ յղում­ներ կա­տա­րեց ­Կեր­կէ­րեա­նին եւ Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խի­ւին։
Ա­մէ­նէն կա­րե­ւո­րը՝ ­Հայ­կա­կան ­Հա­մա­գու­մա­րը 1983ին լու­սան­կա­րեց ­Կեր­կէ­րեա­նի ամ­բողջ ար­խի­ւը։
Այդ ար­խի­ւը հա­սա­նե­լի է 1983էն ի վեր‚ սա­կայն ոչ ոք կրնար զայն ման­րա­մաս­նօ­րէն քննել‚ ո­րով­հե­տեւ պատ­շաճ ցան­կագ­րում չկար։ ­Թե­րեւս ժա­պա­ւէ­նի 100 ծրար կար եւ գրե­թէ ան­կա­րե­լի էր այս փաս­տա­թուղ­թը գտնե­լու հա­մար այդ բո­լո­րը աչ­քէ ան­ցը­նել։ ­Մաս­նա­գէտ­նե­րը Կեր­կէ­րեա­նի ար­խի­ւին եւ ­Հա­մա­գու­մա­րին մօտ ա­նոր օ­րի­նակ­նե­րու գո­յու­թե­նէն տե­ղեակ էին։ 2000ին երբ ա­ռա­ջին ան­գամ ե­կայ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­ներ‚ մօ­տե­ցայ ­Կեր­կէ­րեա­նի զար­մի­կին եւ ար­տօ­նու­թիւն խնդրե­ցի քննե­լու բնա­գիր­նե­րը‚ ո­րոնք ­Նիւ Եոր­քի մէջ ա­նոր մօտ են։ Ան մեր­ժեց‚ ո­րով­հե­տեւ բո­լոր նիւ­թե­րուն լու­սա­պատ­ճէն­նե­րը կը գտնո­ւէին Ո­ւա­շինկ­թը­նի մէջ։ 2015ին‚ դար­ձեալ կապ հաս­տա­տե­ցի զար­մի­կին հետ՝ բնա­գիր­նե­րը տես­նե­լու ար­տօ­նու­թիւն խնդրե­լու հա­մար, եւ այս ան­գամ ար­տօ­նեց։

Տ.Խ. — ­Յայտ­նա­բե­րե­լի յա­ւե­լեալ փաս­տա­թուղ­թեր կրնա՞ն ըլ­լալ։

Թ.Ա. — ­Տա­կա­ւին յայտ­նա­բե­րե­լի շատ այլ փաս­տա­թուղ­թեր կան։ ­Պոլ­սոյ դա­տա­րա­նէն շարք մը բնա­գիր ծրար­ներ ու­նինք‚ ո­րոնք՝ գի­տենք, թէ կը գտնուին Ե­րու­սա­ղէ­մի եւ ­Կեր­կէ­րեա­նի անձ­նա­կան ար­խիւ­նե­րուն մէջ։
1940ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն‚ մինչ Գ­րի­գոր ­Կեր­կէ­րեան ­Գա­հի­րէի մէջ իր դոկ­տո­րա­կան թե­զին հա­մար ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին կրօ­նա­ւոր­նե­րու բնաջնջ­ման մա­սին ու­սում­նա­սի­րու­թիւն կը կա­տա­րէր‚ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ օս­մա­նեան նախ­կին դա­տա­ւո­րի մը հետ‚ որ ան­դամ էր ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. ­Պա­տե­րազ­մէն ետք ­Պոլ­սոյ ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նին։ Ան ­Կեր­կէ­րեա­նին յայտ­նեց‚ որ երբ ռազ­մա­կան դա­տա­րա­նին մէջ ծա­ռա­յող դա­տա­ւոր էր‚ ­Հա­յոց Պատ­րիար­քա­րա­նը դա­տա­րա­նին մէջ հա­յե­րու պաշ­տօ­նա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչն էր։ Ա­նոնց ար­տօ­նու­թիւն տրո­ւած էր դա­տա­կան փաս­տա­թուղ­թեր ձեռք­բե­րե­լու եւ, հե­տե­ւա­բար, ա­նոնց ար­տօ­նեց դա­տա­րա­նի փաս­տա­թուղ­թե­րը առ­նե­լու։
Դա­տա­ւո­րը նաեւ ­Կեր­կէ­րեա­նին յայտ­նած է‚ թէ 1922ին ­Պոլ­սոյ հա­յոց ­Զա­ւէն (­Տէր-Ե­ղիա­յեան) Պատ­րիար­քը ծրար­ներ փո­խադ­րեց Եւ­րո­պա՝ սկիզ­բը ­Մար­սէյլ‚ ա­պա՝ ­Ման­չես­թըր եւ ի վեր­ջոյ Ե­րու­սա­ղէմ։
Ուս­տի 1960ա­կան թո­ւա­կան­նե­րուն Գ­րի­գոր ­Կեր­կէ­րեան գնաց եւ այդ բո­լո­րը լու­սան­կա­րեց։

Տ.Խ. — ­Ձեր յայտ­նա­բե­րու­մը ին­չո՞վ կը տար­բե­րի այլ յայտ­նա­բե­րում­նե­րէ եւ կը կար­ծէ՞ք‚ որ այս նո­րա­գոյն յայտ­նա­բե­րու­մը ­Թուր­քիոյ կե­ցո­ւած­քը կրնայ փո­խել եւ Ին­չո՞ւ։

Թ.Ա. — ­Կա­տա­րած յայտ­նա­բե­րումս ծած­կագ­րու­թեան հա­մա­կար­գին բա­ցա­յայ­տումն է եւ նշու­մը, որ փաս­տա­թուղ­թը գրո­ւած է օս­մա­նեան ան­թե­թա­ւոր (պաշ­տօ­նա­կան վեր­տա­ռու­թեամբ) թուղ­թի վրայ։ Թր­քա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը պի­տի չկա­րե­նան փաս­տել, որ իս­կա­կան չէ։ ­Հե­ռա­գի­րին վրայ ե­ղող ծած­կագ­րու­թիւ­նը ան­հեր­քե­լի է եւ իս­կա­կան ըլ­լա­լը ցոյց կու տայ։
Այ­սօր‚ Օս­մա­նեան Ար­խի­ւին մէջ գո­յու­թիւն ու­նին հա­րիւ­րա­ւոր փաս­տա­թուղ­թեր‚ հիմ­նա­կա­նին մէջ նա­հանգ­նե­րէն ­Պո­լիս ե­կած հե­ռա­գիր­ներ։ Ա­նոնք բո­լորն ալ ծած­կագ­րո­ւած են ա­րա­բե­րէն թի­ւե­րով։ ­Չորս կամ հինգ թի­ւեր ցոյց կու տան բառ մը կամ յետ­նա­մաս­նիկ­ներ։ Երբ այս ծած­կագ­րո­ւած հե­ռա­գիր­նե­րը կը հաս­նէին ­Պո­լիս‚ պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը իւ­րա­քան­չիւր թի­ւե­րու խում­բին հա­մա­պա­տաս­խան բա­ռեր կը գրէին։ Ա­հա այս ձե­ւով է‚ որ այ­սօր կրնանք կար­դալ այդ փաս­տա­թուղ­թե­րը։ ­Պե­հաէտ­տին ­Շա­քի­րի հե­ռա­գիր­նե­րուն ծած­կագ­րու­թիւ­նը բաղ­դա­տե­ցի Օս­մա­նեան Ար­խի­ւին մէջ ե­ղա­ծին հետ եւ գտայ, որ ի­րա­րու հա­մա­պա­տաս­խան են։
Պար­զա­պէս օ­րի­նակ մը տա­լու հա­մար‚ ­Շա­քի­րի հե­ռա­գի­րին մէջ տե­ղա­հա­նու­թիւն եզ­րը ծած­կագ­րո­ւած է «4889»ով։ Ե­թէ նոյն ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին նա­հանգ­նե­րէն կեդ­րո­նա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան հաս­նող եւ ­Շա­քի­րի հե­ռա­գի­րին նման չորս թի­ւեր ու­նե­ցող օս­մա­նեան փաս­տա­թուղ­թե­րուն նա­յիք, կը տես­նէք, որ ա­նոնք բո­լորն ալ տե­ղա­հա­նու­թեան հա­մար կ’օգ­տա­գոր­ծեն «4889» ծած­կա­գի­րը։
Ոչ ոք կրնայ պնդել‚ որ այս հե­ռա­գի­րը իս­կա­կան չէ։ ­Հի­մա թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը պէտք է բա­ցատ­րու­թիւն մը գտնէ‚ ո­րով­հե­տեւ «բնա­գի­րը ցոյց տուր»ի պնդու­մը ա­նօ­գուտ է այ­լեւս։ Բ­նա­գի­րը ու­նինք։
Վս­տահ եմ‚ որ պի­տի շա­րու­նա­կեն ժխտել ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը‚ ո­րով­հե­տեւ ժխտո­ղա­կա­նու­թիւ­նը կապ չու­նի ա­կա­դե­մա­կան հե­տա­զօ­տու­թեան հետ‚ այդ մէ­կը քա­ղա­քա­կան հարց է։ ­Բայց ը­սածս այն է‚ որ հիմ­նո­ւե­լով նոր փաս­տա­թուղ­թե­րուն վրայ‚ այժմ շատ դժո­ւար է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը հեր­քել։ Այն պատ­ճա­ռա­բա­նու­թիւն­նե­րը‚ զորս տա­րի­նե­րէ ի վեր կ’օգ­տա­գոր­ծէին, այ­լեւս գոր­ծի չեն ծա­ռա­յեր։ Ուս­տի‚ պէտք է նոր հնար­քի դի­մեն։

Տ.Խ. — Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խիւ­նե­րուն մէջ հե­տա­զօ­տու­թիւն կա­տա­րե­լը պատ­մա­բան­նե­րուն ար­տօ­նո­ւած չէ՞։

Թ.Ա. — Ա­յո՛‚ ա­նոնք մաս­նա­գէտ­նե­րուն հա­սա­նե­լի չեն։ ­Տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին քա­նի մը ան­գամ մեր­ժո­ւած եմ։ Կ­’ու­զէի ստու­գել Գ­րի­գոր ­Կեր­կէ­րեա­նի ար­խիւ­նե­րը՝ տե­սնե­լու հա­մար, թէ իս­կա­պէ՛ս ա­մէն ինչ լու­սա­պատ­ճէնի ա­ռած է։ Ար­տօ­նու­թիւն չէի ստա­նար։ Եւ պատ­րաստ պա­տաս­խան մը ու­նին՝ «­Ցան­կագ­րու­թեան ըն­թաց­քին մէջ ենք»։ Վս­տահ չեմ‚ թէ ա­տի­կա ճիշդ է կամ ոչ։ Ըստ իս՝ յա­տուկ պատ­ճառ մը գո­յու­թիւն չու­նի‚ որ Ե­րու­սա­ղէ­մի ար­խիւ­նե­րը հա­սա­նե­լի չըլ­լան պատ­մա­բան­նե­րուն։ ­Չեմ ու­զեր նաեւ են­թադ­րու­թիւն­ներ կա­տա­րել։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+