Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Վենեզուելայի Հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

24 Mayıs 2017  

Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Վենեզուելայի Հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն -

Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Վենեզուելայի Հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն Արամ Ա. Կաթողիկոս մօտէն կը հետեւի Վենեզուելայի Հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս անցնող շաբաթներու ընթացքին մօտէն հետեւեցաւ Վենեզուելայէն ներս ստեղծուած անապահով կացութեան եւ յատկապէս՝ հայ գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւններուն։ Վեհափառ Հայրապետը հետեւեալ տեղեկութիւնները ստացաւ գաղութի պատասխանատուներէն մէկուն կողմէ.-

«Աւելի քան տարի մը կ’ընէ, որ Վենեզուելան կը գտնուի ահաւոր դժուարութիւններու առաջ. քաղաքականապէս՝ քայքայուած եւ տնտեսապէս՝ սպառած է ան այլեւս։ Կառավարութիւնը կը փորձէ շարունակել իր, այսպէս կոչուած՝ «կառուցողական» կեցուածքը, սակայն առաւել բռնութիւն գործադրելով երկրէն ներս, միւս կողմէ՝ ընդդիմութիւնը ամենօրեայ դրութեամբ կը կազմակերպէ խաղաղ քայլարշաւներ, որպէսզի ձերբազատի տիրող փտածութենէն։ Ամէն օր ժողովուրդը կը պահանջէ կառավարութեան հրաժարումը, հեռացումը, հաշուետուութիւնը՝ պատիժի հասկացողութեամբ, անմիջապէս նախագահական ընտրութիւններ կատարելը, քաղաքային բանտարկեալներու ազատումը, եւ այլն… սակայն, մինչեւ այս վայրկեանս՝ այս բոլորը ապարդիւն կը մնան, որովհետեւ կառավարութիւնը՝ նախագահն ու անոր գործակիցները երկիրը ամբողջութեամբ դատարկած ու գողցած են եւ կը շարունակեն նոյն ընթացքը։ Կառավարութեան կողքին կայ նաեւ այլ խմբակ մը, որ կառավարութեան կողմէ ստեղծուած է, պարզապէս մարդոց կեանքը վտանգելու, գողնալու եւ մշտական կերպով անապահովութիւն ստեղծելու երկրի ամբողջ տարածքին։ Ներքին քաղաքացիական ահաւոր պատերազմի մը ոտնաձայները կը լսուին…։ Այս մասին կը յայտնեն Անթիլիասի մամլոյ ծառայութենէն:

Խաղաղ քայլարշաւներու ընթացքին դժբախտաբար կառավարութեան ու յատկապէս զինուորականներուն կողմէ տեղի կ’ունենան աննկարագրելի վայրագութիւններ, սպաննութիւններ, կրակոցներ, գողութիւններ, ահ ու սարսափ եւ այլ տեսակի անմարդկային գժտութիւններ։ Ցայսօր արձանագրուած են աւելի քան 50 մեռեալներ, 600-700 վիրաւորներ, հարիւրաւոր անյայտ կորածներ, ինչպէս նաեւ առանց պատճառի բանտարկուողներ։ Մէկ խօսքով, երկիրը անկայուն, փխրուն եւ շա՜տ վտանգաւոր հանգրուանի մէջ կը գտնուի։

Ժողովուրդը կը տառապի սովէ, աղքատութենէ, անօթութենէ, դեղերու եւ ուտելիքի չգոյութենէ, անգործութենէ. ամսականները չնչին են, երկիրը օրէ օր անապահով կը դառնայ, ամենուրեք՝ գողութիւն, վայրագութիւններ, եւ այլ տեսակի անմարդկային արարքներ։ Օտար եւ տեղական ընկերութիւններ, դեսպանատուներ, հաստատութիւններ արդէն իսկ փակած են ու կը շարունակեն փակել իրենց գրասենեակները կամ գործարանները, եւ ամէնէն արագ միջոցով կը հեռանան երկրէն, նկատի ունենալով երկրի ծանր, տագնապալի ու մանաւանդ անյոյս վիճակը։

Երեւակայեցէ՛ք, Վեհափառ Տէր, այս բռնակալութեանց ու տագնապահար վիճակին մէջ, զինեալները նոյնիսկ Վենեզուելայի Կաթոլիկ եկեղեցւոյ Կարտինալ Արքեպիսկոպոսին տունը կողոպտեցին, ինքնաշարժը քարկոծեցին, Աւագ Չորեքշաբթի օրով, արարողութեանց ընթացքին Աստուծոյ տունը վերածեցին վայրագութեանց կեդրոնի եւ փորձեցին Կարտինալին ու անոր կողքին գտնուող հոգեւոր հայրերուն վնաս հասցնել…։ Օրէ օր լարուածութիւնը աւելի կը սրի ու կը յամենայ։

Այս բոլորին կողքին, դժբախտաբար, Վենեզուելահայ գաղութը եւս կ’ազդուի եւ արդէն իսկ ազդուած է, իր եկեղեցիով, իր Հայ Կեդրոնով ու մանաւանդ իր ժողովուրդով։ Այլ խօսքով, գաղութը նօսրացած վիճակի մէջ կը գտնուի. փոքր գաղութ ըլլալով հանդերձ՝ հայ ընտանիքներու քանակը զգալիօրէն նուազած է, նկատի ունենալով երկրին անապահով ու տագնապալի վիճակը։ Մեծ թիւով հայ ընտանիքներ ունենալով ամերիկեան եւ այլ տեսակի եւրոպական վիզաներ՝ արտագաղթած են ու կը շարունակեն արտագաղթել։

Աւելին, գաղութը պահող բարերարներէն շատեր, իրենց գործատեղիները փակելով, ծախելով, վաճառելով արդէն իսկ հեռացած են երկրէն…։ Այս ահ ու սարսափին մէջ, եկեղեցւոյ Կիրակի օրուան Սուրբ Պատարագները կը շարունակուին»։

Յայտնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան միաբաններէն՝ Հոգշ. Տ. Ստեփանոս Վրդ. Փաշայեանը Հոգեւոր Տեսուչն է Վենեզուելայի հայ գաղութին։Հայր Սուրբը պատասխանատուութեամբ եւ ծառայական ոգիով, հետեւելով Նորին Սրբութեան ցուցմունքներուն, կը կատարէ իր հովուական աշխատանքը՝ միշտ ներկայութիւն դառնալով ժողովուրդին կեանքէն ներս։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+