​Իրանի Խորհրդարանի Շէնքին Եւ Խումէյնիի Դամբարանին Դէմ Ահաբեկչական Յարձակումներ - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

08 Haziran 2017  

​Իրանի Խորհրդարանի Շէնքին Եւ Խումէյնիի Դամբարանին Դէմ Ահաբեկչական Յարձակումներ -

​Իրանի Խորհրդարանի Շէնքին Եւ Խումէյնիի Դամբարանին Դէմ Ահաբեկչական Յարձակումներ ​Իրանի Խորհրդարանի Շէնքին Եւ Խումէյնիի Դամբարանին Դէմ Ահաբեկչական Յարձակումներ

Թեհրանի մէջ իրանեան խորհրդարանին եւ իսլամական հանրապետութեան հիմնադիր այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին դէմ միաժամանակ երկու յարձակումներու պատճառով արձանագրուեցաւ 12 զոհ եւ շուրջ 40 վիրաւոր:

Խորհրդարանին դէմ յարձակում գործող զինեալները մուտք գործեցին երեսփոխաններու այցելուներուն յատկացուած դռնէն, ուր բախում ունեցան պահակի մը հետ, որ սպաննուեցաւ, ապա փորձեցին մուտք գործել խորհրդարանի շէնք, սակայն շէնքի անվտանգութեան ուժերը ետ մղեցին զիրենք եւ ստիպեցին, որ բարձրանան վերի յարկերը, ուր անոնք պաշտօնեաներու վրայ կրակ բացին:

Նոյն պահուն յարձակում մը տեղի ունեցաւ հարաւային Թեհրանի մէջ այաթոլլա Խումէյնիի դամբարանին մօտ, ուր յարձակում գործող երկու զինեալներն ալ սպաննուեցան: Շուրջ երկու ժամ տեւած հրացանաձգութիւններէ ետք, երկրին իշխանութիւնները յայտնեցին, որ երկու դէպքերն ալ վերջ գտած են, իսկ յարձակում գործողները` սպաննուած: Իրանեան իշխանութիւնները յայտնեցին, որ կանխարգիլած են նաեւ երրորդ յարձակում մը:

ՏԱՀԵՇ ստանձնեց յարձակումին պատասխանատուութիւնը եւ Իրանի մէջ յաւելեալ յարձակումներ խոստացաւ:

Իրանի Յեղափոխական պահակագունդը յայտնեց, որ յարձակումին ետին կը կանգնին Սէուտական Արաբիան ու Միացեալ Նահանգները: Սակայն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր յայտնեց, որ յարձակումներուն սէուտցի ծայրայեղականներու մեղսակցութեան վերաբերեալ փաստ գոյութիւն չունի` աւելցնելով, որ իր երկիրը կը դատապարտէ ահաբեկչական յարձակումները, ուր որ ալ պատահին անոնք:

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի յայտնեց, որ Իրանի պատգամը հետեւեալն է. «Ահաբեկչութիւնը համաշխարհային խնդիր մըն է»: Ան կոչ ուղղեց «շրջանային ու միջազգային համագործակցութեան եւ միասնականութեան»: Ռուհանի նաեւ ըսաւ. «Թեհրանի մէջ յարձակումները մեզ պիտի դարձնեն աւելի միասնական եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ աւելի վճռակամ»:

Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի յայտնեց, որ յարձակումները երկրին վրայ «պիտի չազդեն»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց յարձակումը` ըսելով. «Ահաբեկչութեան ապականութիւնը խաղաղ քաղաքակիրթ աշխարհի մը մէջ տեղ չունի»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+