​Արցախի Դպրոցներուն Մէջ «Ազգային Երգ ու Պար» Պիտի Դասաւանդուի - Հայերէն
26 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Նպատ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

09 Haziran 2017  

​Արցախի Դպրոցներուն Մէջ «Ազգային Երգ ու Պար» Պիտի Դասաւանդուի -

​Արցախի Դպրոցներուն Մէջ «Ազգային Երգ ու Պար» Պիտի Դասաւանդուի ​Արցախի Դպրոցներուն Մէջ «Ազգային Երգ ու Պար» Պիտի Դասաւանդուի

ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Սլաւա Ասրեանի հետ արդէն քննարկած եւ համաձայնութեան եկած ենք «Ազգային երգ ու պար»-ի ուսուցումը դպրոցական ծրագիրին ներառելու համար: Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, ըսած է ԱՀ մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Նարինէ Աղաբալեան։

Ան նշած է, որ ընթացիկ տարուան Սեպտեմբերէն՝ Արցախի շարք մը դպրոցներու մէջ պիտի դասաւանդուի «Ազգային երգ ու պար»:

«Ամրան ընթացքին պիտի կազմակերպենք համապատասխան մասնագէտներու վերապատրաստման դասընթացներ, որպէսզի ուսուցիչները դասի ժամանակ կարենան աշակերտներուն լիարժէք մատուցել նիւթը»,- ըսած է Ն. Աղաբալեան եւ ընդգծած, որ ծրագիրին նպատակն է մատաղ սերունդին ազգային արժէքներով դաստիարակելն ու արմատներուն մօտ պահելը:

ԱՀ ԿԳՄ նախարար Սլաւա Ասրեան, իր հերթին, նշած է, որ նոր նիւթը փորձնական եղանակով պիտի դասաւանդուի դպրոցներու 5-7-րդ դասարաններու աշակերտներուն:

«Այժմ քննարկման փուլի մէջ է այն հարցը, թէ նիւթը որ դպրոցներուն մէջ պիտի ուսուցանուի. հնարաւոր է` ե՛ւ Ստեփանակերտի, ե՛ւ շրջաններու շարք մը դպրոցներու մէջ: Ինչպէս մնացած նիւթերը, այնպէս ալ այս մէկը նիւթական աջակցութիւն պիտի ստանայ պետութենէն»,- ըսած է Ս. Ասրեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+