​Սերժ Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

12 Haziran 2017  

​Սերժ Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները -

​Սերժ Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները ​Սերժ Սարգսեան Ընդունեց ԵԱՀԿ Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Շաբաթ, 10 յունիսին նախագահ Սերժ Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփովը (Ռուսիա), Ռիչըրտ Հոկլընտը (Միացեալ Նահանգներ), Սթեֆան Վիսքոնթին (Ֆրանսա) եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Նախագահի կայքին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան համաձայն, զրուցակիցները քննարկած են ղարաբաղեան տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին վերաբերող հարցեր: Անդրադարձ կատարուած է ղարաբաղեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին եւ Հայաստան-Ազրպէյճան պետական սահմանին վրայ տիրող իրավիճակին, ներառեալ` սահմանին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերը:

«Հանդիպումին մասնակիցները կարեւոր նկատած են բանակցային հոլովոյթին մէջ տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած յանձնառութիւններուն կողմերու հաւատարմութիւնը, ինչպէս նաեւ բարձր մակարդակով ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարումը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Նալբանդեան. «Միջնորդները Պէտք Է Սանձեն
Ազրպէյճանի Սադրիչ Քաղաքականութիւնը»

Շաբաթ, 10 յունիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

«Էդուարդ Նալբանդեան համանախագահներու ուշադրութեան յանձնեց, որ ապրիլին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին եռանախագահներու ներկայութեամբ համաձայնութիւն գոյացաւ մամլոյ հաղորդագրութեան միանման բովանդակութեան վերաբերեալ, ինչ որ նաեւ հրապարակուեցաւ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն կողմէ, իսկ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը, ըստ աւանդութեան, ո՛չ միայն չկատարեց պայմանաւորուածութիւնը, այլեւ հանդէս եկաւ անհեթեթ մեկնաբանութեամբ` ըսելով, թէ Մոսկուայի հանդիպումին արտաքին գործոց նախարարները ոչ թէ կարեւոր նկատած են նախորդ տարուան վեհաժողովներուն ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացումը, այլ` բանակցութիւններուն քննարկուած են վեհաժողովներուն տեղի ունեցած բանակցութիւնները:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը ընդգծեց, որ թէեւ 18 մայիսին համանախագահներուն հասցէական յայտարարութիւնը առաջինը չէր, սակայն Ազրպէյճան կը շարունակէ ո՛չ միայն արհամարհել, անտեսել համանախագահներուն կոչերն ու յորդորները, այլեւ կը կատարէ հակառակը: Նախարարին բնորոշումով` կը հասուննայ իրավիճակ մը, որ եռանախագահող երկիրները` իբրեւ միջնորդութեան, տագնապի խաղաղ լուծման ուղղուած ջանքերու միջազգային իրաւագիր ունեցող ձեւաչափ, պէտք է ո՛չ միայն յայտարարութիւններ կատարեն, այլեւ համապատասխան գործողութիւններու դիմեն, որպէսզի սանձեն Ազրպէյճանի այս ապակառուցողական եւ սադրիչ քաղաքականութիւնը», նշուած է արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Պաշտպանութեան Նախարարը Ընդունեց
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի Խմբակի Համանախագահները

Շաբաթ, 10 յունիսին պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեան ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:

Պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդումով, հանդիպումին ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, արցախեան-ազրպէյճանական ուժերու շփման գիծին եւ հայ-ազրպէյճանական պետական սահմանին վրայ տիրող իրադրութիւնը, համանախագահներուն հետ նոյն ձեւաչափով նախորդ հանդիպումէն ի վեր արձանագրուած զարգացումները:

«Պաշտպանութեան նախարարը զրուցակիցներուն ուշադրութեան հրաւիրած է առաջնագիծին վրայ վերջին շրջանին տեղի ունեցած դէպքերուն` ողջունելով անոնց վերաբերեալ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հասցէական արձագանգը: Իբրեւ տագնապի լուծման շուրջ բանակցութիւններու արդիւնաւէտութեան կարեւոր գրաւական` Վիգէն Սարգսեան ընդգծած է 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերսպուրկի վեհաժողովներուն ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու համաձայն առաջնագիծին մէջ իրավիճակի դիտարկումներու եւ դէպքերու հետաքննութեան մեքանիզմներու ներդրման եւ անով հանդերձ` փոխադարձ վստահութեան միջավայրի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը», նշուած է պաշտպանութեան հաղորդագրութեան մէջ:

Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+