Կը Կարծեմ՝ «Pour toi Arménie» Երգը Կրնայ Հայաստանի Քայլերգը Դառնալ. Ազնաւուր -  
 
	
 
	Կը Կարծեմ՝ «Pour toi Arménie» Երգը Կրնայ Հայաստանի Քայլերգը Դառնալ. Ազնաւուր
	
	 
	 
	
	Աշխարհահռչակ ֆրանսահայ երգիչ Շառլ Ազնաւուր հիւրընկալուած է Le Club de Richard Findykian ձայնասփիւռի հաղորդաշարին, որու ընթացքին ան պատմած է վերջերս Հայաստան կատարած իր այցին, որդիին մկրտութեան, ինչպէս նաեւ այն մասին, որ «Pour toi Arménie» յայտնի ու սիրուած երգը կրնայ դառնալ Հայաստանի նոր քայլերգը, կը գրէ «Թերթ․ամ»-ը:
«Ես կը կարծեմ, որ «Pour toi Arménie» երգը, այդ մասին խօսուած է, հնարաւոր է` դառնայ Հայաստանի քայլերգը, քանի որ ներկայիս քայլերգը առանձնապէս բան չի հաղորդեր: Ես ատիկա կ՛ուզէի»,- ըսած է Ազնաւուր` աւելցնելով, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան հաւանութիւն տուած է այդ գաղափարին:
Երգիչը ձայնասփիւռի հաղորդումին տուած հարցազրոյցի ժամանակ պատմած է Հայաստան կատարած այցի ընթացքին իր որդիին` Նիկոլայի մկրտութեան մասին: Ան նշած է, որ իր բոլոր երեխաները հայկական եկեղեցւոյ մէջ մկրտուած են, իսկ Նիքոլան մկրտութեան համար ընտրած է իր հօր անունը:
Նշենք, որ Նիքոլայ Ազնաւուրի մկրտութեան արարողութիւնը տեղի ունեցած է Տաթեւի վանքի Սուրբ Պողոս-Պետրոս եկեղեցւոյ մէջ:
Հարցումին, թէ Ազնաւուր արարողութեան ժամանակ հաւանաբար շատ յիշած է իր ծնողները, զգացած անոնց ներկայութիւնը, երգիչը նշած է, որ ընդհանրապէս շատ կը մտածէ անոնց մասին: «Ես շատ յաճախ գիշերը երազիս մէջ ծնողներս կը տեսնեմ, որովհետեւ հայերը կը սիրեն երեխաներն ու մեծերը»,- ըսած է ան:
Ան պատմած է նաեւ «Սզնաւուր» հիմնադրամի ստեղծման մասին:
«Հիմնադրամի բոլոր հարցերով կը զբաղի Նիքոլան, ան ատիկա շատ լաւ կ՛ընէ»,- ըսած է Ազնաւուր:
Ան նշած է, որ հիմնադրամը պիտի զբաղուի ամբողջ աշխարհի մէջ հայերուն օգնութիւն տրամադրելով:
Հարցազրոյցի ընթացքին Ազնաւուր նաեւ պատմած է Երեւանի մէջ իր տուն-թանգարանի բացման մասին` նշելով, որ անիկա պիտի ըլլայ ոչ միայն թանգարան, այլեւ մշակութային տուն եւ երիտասարդական կեդրոն: Անիկա պիտի փորձէ ներգրաւել երիտասարդները, որոնք կը ցանկանան իրենք իրենց դրսեւորել արուեստի մէջ, կեանքի կոչել իրենց հնարաւորութիւնները` ապրելով Հայաստանի մէջ:
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com