​Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարին Պոլսոյ Հանդիպումները - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

11 Temmuz 2017  

​Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարին Պոլսոյ Հանդիպումները -

​Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարին Պոլսոյ Հանդիպումները ​Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարին Պոլսոյ Հանդիպումները

Համաշխարհային նաւթային 22-րդ համագումարին մասնակցելու նպատակով Պոլիս գտնուող Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն հանդիպումներ ունեցած է Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն հետ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Պոլսոյ «Թարապիա» պալատին մէջ ընդունած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս լուրը կը հաղորդէ Թուրքիոյ նախագահի պաշտօնական կայքը:

Նախապէս Թիլըրսըն Պոլսոյ մէջ հանդիպում ունեցած էր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ: Կողմերը քննարկած էին քաթարեան տագնապին վերջին զարգացումները, ինչպէս նաեւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցը:

Աւելի ուշ, «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան անձնակազմին հետ ժողովի ընթացքին յոյս յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուած յարաբերութիւնները, Էրտողանի հետ շարք մը ժողովներէն ետք, բարելաւման ընթացքին մէջ կը գտնուին:

Ան ըսաւ, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար կ՛ուզէ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ գործընկերութեան ամրապնդում տեսնել:

Ալիեւ Եւ Թիլըրսըն Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապը

Պոլսոյ մէջ կայացած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսընի հանդիպումը, որուն ընթացքին քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման առնչուող հարցեր: Այդ մասին կը հաղորդէ ԱՓԱ` վկայակոչելով Ազրպէյճանի նախագահի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ալիեւ անգամ մը եւս յայտնած է Ազրպէյճանի դիրքորոշումը` տագնապի լուծման առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ ներկայացուցած վերջին օրերուն շփման գիծին մէջ տեղի ունեցած դէպքերու ի՛ր տարբերակը:

Ինչպէս կը հաղորդուի, հանդիպումին ընթացքին ընդգծուած է, որ երկկողմանի յարաբերութիւնները լաւապէս կը զարգանան տարբեր ոլորտներու մէջ, ներառեալ` քաղաքական եւ ուժանիւթի:

Քննարկումներ տեղի ունեցած են «Հարաւային կազային միջանցք» նախագիծին վերաբերեալ: Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը նշած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աջակցիլ այդ նախագիծին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+