​Էրտողան Եւ Թիլըրսըն Արաբական Ծոցի Երկիրներ Պիտի Այցելեն - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

11 Temmuz 2017  

​Էրտողան Եւ Թիլըրսըն Արաբական Ծոցի Երկիրներ Պիտի Այցելեն -

​Էրտողան Եւ Թիլըրսըն Արաբական Ծոցի Երկիրներ Պիտի Այցելեն ​Էրտողան Եւ Թիլըրսըն Արաբական Ծոցի Երկիրներ Պիտի Այցելեն

«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է, որ կը ծրագրէ Արաբական ծոցի երկիրներ շրջապտոյտ մը կատարել` դիւրացնելու համար Քաթարի եւ անոր հետ յարաբերութիւնները խզած երկիրներուն միջեւ երկխօսութիւնը:

Քսաններու վեհաժողովէն իր վերադարձին Էրտողան իրեն ընկերակցող լրագրողներուն ըսած է. «Յուլիս 15-էն ետք կրնամ (դիւանագիտական) յատուկ եռուզեռ մը ունենալ: Կ՛ուզեմ անգամ մը եւս այցելել տարածաշրջան: Թերեւս նման այցելութեամբ նպաստենք երկխօսութեան վերականգնման: Կը ծրագրենք մասնաւորաբար այցելել Քաթար, Քուէյթ եւ Սէուտական Արաբիա»:

Ան նշած է, որ Ծոցի տագնապը քննարկած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ, եւ վեհաժողովի ընթացքին բոլոր ղեկավարներուն հետ իր հանդիպումներուն ընթացքին շեշտած է, որ պէտք է տագնապին լուծում մը գտնել երկխօսութեան ճամբով:

Էրտողան նշած է, որ տարածաշրջան իր ծրագրուած այցելութիւնը պէտք չէ նկատուի իբրեւ երկու կողմերուն միջեւ «միջնորդութիւն» կատարելու փորձ մը: «Քուէյթ միջնորդի դերը ստանձնած է: Մենք կը զօրակցինք Քուէյթի միջնորդական ջանքերուն: (Այս այցելութեան) իմաստը կողմերուն միջեւ երկխօսութեան վերականգնման նպաստելն է», ըսած է ան:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ իր կարգին յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն պիտի այցելէ Քուէյթ, Քաթար եւ Սէուտական Արաբիա` քննարկելու համար քաթարեան տագնապը:








Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+