Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին -   
 
	 Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին
 
	Լիբանանի Մէջ Եւրոպական Միութեան Դեսպանը Պատասխան-Նամակ Մը Յղեց ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինին
	
	 
	 
	
	Լիբանանի Հայ դատի մարմինը ուրբաթ, 11 օգոստոսին Երեւանի մէջ ԵԱՀԿ-ի գրասենեակին փակման հարցով նամակներ յղեց ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ, Եւրոպական Միութեան, Գերմանիոյ, Բրիտանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի դեսպաններուն, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Շուէտի դեսպանին: Մարմինը կոչ ուղղեց միջազգային ճնշում բանեցնելու, որպէսզի Ազրպէյճան յետս կոչէ ԵԱՀԿ-ի երեւանեան գրասենեակի գործունէութեան երկարաձգման դէմ իր վեթոն: Մարմինը նաեւ ԵԱՀԿ-ին կոչ ուղղեց շարունակելու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ իր գործակցութիւնը եւ եթէ պէտք ըլլայ ուսումնասիրելու Հայաստանի եւ ընդհանրապէս շրջանին մէջ ներկայութիւն ապահովելու այլ միջոցներու կարելիութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ  Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիսթինա Լասընէն ստացաւ պատասխան-նամակ մը, որուն մէջ ան կը նշէ. «Եւրոպական Միութիւնը լիարժէքօրէն յանձնառու կը մնայ Հարաւային Կովկասի երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի իմաստալից ներկայութեան: Ուստի, ինչպէս Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար եւ Եւրոպական յանձնաժողովի փոխնախագահ Ֆետերիքա Մոկերինիի բանբերը 7 մայիս 2017-ին յայտնեց` Եւրոպական Միութիւնը երկարաձգման շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլը չափազանց կարեւոր կը նկատէր»:
«Վիեննայի մէջ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մնայուն խորհուրդին մէջ պաշտօնապէս ընդգծած է կարեւորութիւնը շրջանին մէջ ԵԱՀԿ-ի ներկայութեան շարունակման, ինչ որ կենսական միջոց մըն է անդամ պետութիւններուն իրենց ԵԱՀԿ-եան յանձնառութիւններու կատարման օժանդակելու», կը գրէ Եւրոպական Միութեան դեսպանը:
Յիշեցնենք, որ ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը նմանօրինակ պատասխան-նամակներ ստացած էր նաեւ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանի տեղակալ ու գործավար դոկտ. Միքայէլ Ռէօսէն եւ Բրիտանիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերով երկրորդ քարտուղար Նիքոլա Տի Լուցիոյէն:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com