​«Թուրքիան Պատրաստ Է Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանման Հարցին Մէջ Իրաքին Օգնելու Ո՛չ Միայն Խօսքո - Հայերէն
23 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ծմակ / Ժամ : Բաւական

Հայերէն :

28 Eylül 2017  

​«Թուրքիան Պատրաստ Է Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանման Հարցին Մէջ Իրաքին Օգնելու Ո՛չ Միայն Խօսքո -

​«Թուրքիան Պատրաստ Է Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանման Հարցին Մէջ Իրաքին Օգնելու Ո՛չ Միայն Խօսքո ​«Թուրքիան Պատրաստ Է Տարածքային Ամբողջականութեան Պահպանման Հարցին Մէջ Իրաքին Օգնելու Ո՛չ Միայն Խօսքով, Այլ Նաեւ Գործով» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարած է, թէ Թուրքիան պատրաստ է «ո՛չ միայն խօսքով, այլ նաեւ գործնականօրէն» Պաղտատին աջակցելու Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան պահպանման հարցին մէջ:

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ թրքական դիւանագիտութեան պետը, մեկնաբանելով Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէն եւ ատոր արդիւնքը, նշած է, որ եթէ Իրաքի իշխանութիւնները այդպիսի հարցով Թուրքիոյ դիմեն` վերջինս պիտի չուշանայ ընդառաջելու:

«Եթէ Պաղտատ գործնական քայլեր ձեռնարկելու կոչով դիմէ Թուրքիոյ` մենք պիտի օգտագործենք միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած մեր իրաւունքը», ըսած է Չաւուշօղլու` շեշտելով, որ իրենց համար այսուհետեւ կարեւոր պիտի ըլլայ միայն Պաղտատի դիրքորոշումը, եւ իրենք արդէն զգուշացուցած են միջազգային ընտանիքը Իրաքի Քրտական ինքնավար մարզի անկախութեան հանրաքուէի արդիւնքի ճանաչման անթոյլատրելիութեան մասին:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հետըր Նոուըրթ` մեկնաբանելով Չաւուշօղլուի` Իրաքի տարածքային ամբողջականութիւնը «գործնականօրէն» պաշտպանելու մասին յայտարարութիւնը, նշած է, որ ատիկա աւելի սպառնալիքի կը նմանի:

«Սպառնալիքի պէս կը հնչէ: Սակայն, այնուամենայնիւ, մենք զայն պիտի չմեկնաբանենք», ըսած է Նոուըրթ:

Իր կարգին, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի երէկ յայտարարեց. «Կուսակցութեան անդամ աւելի քան հինգ հազար կամաւորներ պատրաստ են պաշտպանելու Իրաքի թիւրքմենները»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+