Սփիւռքահայ ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

06 Ekim 2017  

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն -

Սփիւռքահայ ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն Սփիւռքահայ ուսուցիչներու Վերապատրաստութիւն

Այ­ցե­լու­թիւն՝ ­Հա­ղար­ծի­նի վա­նա­կան հա­մա­լի­րին

Խա­չա­տուր Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին (Հ.Պ.Մ.Հ.) մէջ, ­Յու­լիս 3ին մեկ­նար­կեց սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաստ­ման մէ­կամ­սեայ ծրա­գիր, ո­րուն մաս­նակ­ցե­ցան 17 եր­կիր­նե­րէ 62 ու­սու­ցիչ­ներ։

Ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նի տնօ­րէն ­Ռու­բէն ­Միր­զա­խա­նեան ընդգծեց ար­դէն 18րդ­ ան­գամ ըլ­լա­լով կրթու­թեան եւ գի­տու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած ձեռ­նար­կը եւ վստա­հե­ցուց, որ հա­մալ­սա­րա­նը կ­՚ը­նէ ա­մէն ինչ, որ­պէս­զի վե­րա­պատ­րաս­տու­մը ըն­թա­նայ ճիշդ ու լա­ւա­գոյն ո­րա­կով։

Այս ծրա­գի­րը ­Հա­յաս­տա­նին մէջ կը գոր­ծէ 2000 թո­ւա­կա­նէն, եւ այս տա­րի ա­ռի­թը ու­նե­ցայ հե­տե­ւե­լու դա­սըն­թաց­նե­րուն, որ­պէս ­Հայ ­Կա­պոյտ ­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րա­նին հա­յե­րէն լե­զո­ւի եւ հա­յոց պատ­մու­թեան ու­սուց­չու­հի, եւ ա­նոնց ըն­թաց­քին ստա­ցայ ա­ռա­ւել նո­րա­գոյն գործ­նա­կան ման­կա­վար­ժա­կան գի­տե­լիք­ներ։

Դա­սըն­թաց­նե­րը կ­՚ըն­թա­նա­յին 6 ու­սում­նա­կան խում­բե­րու՝ ման­կա­պար­տէ­զի, տար­րա­կան ու­սուց­ման, մէ­կօ­րեայ, հա­յոց լե­զո­ւի եւ գրա­կա­նու­թեան դա­սա­ւանդ­ման, լրա­ցու­ցիչ կրթու­թեան կազ­մա­կերպ­ման ուղ­ղու­թիւն­նե­րով, ինչ­պէս նաեւ՝ ար­տա­սահ­մա­նեան հա­մալ­սա­րա­նե­րուն մէջ հա­յե­րէն ու­սում­նա­սի­րող ու­սա­նող­նե­րուն հա­մար:

Դա­սըն­թաց­նե­րը տե­ղի կ­՚ու­նե­նա­յին Հ.Պ.Մ.Հ. «Ս­փիւռք» գի­տաու­սում­նա­կան կեդ­րո­նին մէջ, Եր­կու­շաբ­թիէն Ուր­բաթ, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 09:30էն 14:30 եւ ըստ խում­բի կ­՚ի­րա­գոր­ծո­ւէր նիւ­թե­րու դա­սա­ւան­դու­թիւ­նը. օ­րի­նակ՝ աշ­խա­տա­կարգ­ներ (մե­թոտ)՝ գրա­ճա­նա­չու­թեան եւ մայ­րե­նիի տար­րա­կան ու­սուց­ման, հա­յե­րէ­նի՝ որ­պէս օ­տար (երկ­րորդ) լե­զո­ւի դա­սա­ւանդ­ման, բա­նա­ւոր եւ գրա­ւոր խօս­քի զար­գաց­ման, գործ­նա­կան ա­րե­ւե­լա­հա­յե­րէն-ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէն եւ դա­սա­ւանդ­ման, ե­րաժշ­տու­թեան դա­սա­ւանդ­ման, պա­րի դա­սա­ւանդ­ման, գրա­կա­նու­թեան եւ դա­սա­ւանդ­ման, Էթ­նիկ (ազ­գա­յին) հո­գե­բա­նու­թեան. նաեւ՝ դիւ­րին գրա­բար, հայ ե­րե­խան՝ բազ­մամ­շա­կու­թա­յին մի­ջա­վայ­րի մէջ, հա­յոց պատ­մու­թեան դրո­ւագ­ներ, հայ գաղ­թա­վայ­րե­րու պատ­մու­թեան է­ջեր, ե­կե­ղեց­ւոյ պատ­մու­թիւն, նե­րա­ռա­կան կրթու­թիւն, ման­կա­կան հո­գե­բա­նու­թիւն, նկար­չու­թիւն, ձե­ռա­գործ, կա­ւա­գոր­ծու­թիւն, քան­դա­կա­գոր­ծու­թիւն, հայ­կա­կան խո­հա­նո­ցի պատ­մու­թիւն ե­ւայլն։

Ա­ռա­ւել՝ ու­սու­ցիչ­նե­րուն տրո­ւե­ցաւ, հրա­տա­րակ­չու­թիւն­նե­րու տե­ղե­կու­թիւն­նե­րու վե­րա­բե­րեալ, է­լեկտ­րո­նա­յին դա­սա­գիր­քե­րու եւ այլ ու­սում­նա­կան նիւ­թե­րու կայ­քէ­ջե­րու ցանկ մը։

Ծ­րա­գի­րի ըն­թաց­քին սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հա­մար կազ­մա­կեր­պուած էին գրամ­շա­կու­թա­յին տա­րաբ­նոյթ մի­ջո­ցա­ռում­ներ, թան­գա­րան­նե­րու եւ ­Հա­յաս­տա­նի պատ­մամ­շա­կու­թա­յին վայ­րե­րու այ­ցե­լու­թիւն­ներ, պտոյտ­ներ:

Ն­շենք, նաեւ, որ ­Յու­լիս 17ին հա­մալ­սա­րա­նին մէջ ե­ղաւ հան­դի­պու­մը Հ.Հ. կրթու­թեան նա­խա­րար Լե­ւոն Մկրտ­չեա­նին՝ վե­րա­պատ­րաս­տո­ւող սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րուն հետ: Պրն. նա­խա­րա­րը, անդ­րա­դառ­նա­լով ա­րեւմտա­հա­յե­րէ­նի ցա­ւոտ խնդի­րին, յայտ­նեց, որ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նը եւ ա­րեւմ­տա­հա­յուն յու­զող խնդիր­նե­րը ոչ միայն Հ.Հ. սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան, այ­լեւ Հ.Հ. կրթու­թեան նա­խա­րա­րու­թեան ու­շադ­րու­թեան տակ են եւ վստա­հե­ցուց, որ մօ­տա­կայ ա­պա­գա­յին Հա­յաս­տա­նին մէջ պի­տի հիմ­նո­ւի ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ուղ­ղո­ւա­ծու­թեամբ յա­տուկ դպրոց, որ պի­տի ըլ­լայ իւ­րա­տե­սակ ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի ու­սուց­ման կեդ­րոն:

Ծ­րա­գի­րի ա­ւար­տին, ­Յու­լիս 28ին, Խ. Ա­բո­վեա­նի ա­նո­ւան հայ­կա­կան պե­տա­կան ման­կա­վար­ժա­կան հա­մալ­սա­րա­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ սփիւռ­քա­հայ ու­սու­ցիչ­նե­րու վե­րա­պատ­րաս­տու­թեան դա­սըն­թաց­քի փակ­ման հան­դի­սու­թիւ­նը, ո­րու ըն­թաց­քին տրո­ւե­ցան վկա­յա­գիր­ներ:

ԱՆՈՅՇ ՖԵՆԴԵԱՆ






Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+