​Թուրքիա Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Հարցով - Հայերէն
28 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Սիմ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

11 Ekim 2017  

​Թուրքիա Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Հարցով -

​Թուրքիա Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Հարցով ​Թուրքիա Բողոքագիր Յղած Է Ֆրանսային՝ Հայոց Ցեղասպանութեան Դասաւանդման Հարցով

«Նոր Յառաջ» թերթը կը գրէ, թէ Փարիզի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը դիւանագիտական բողոքագիր մը յանձնած է Ֆրանսայի կրթութեան ու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն։ Այս մասին կը հաղորդէ «Մարմարա»-ն։

Բողոքագիրին մէջ գանգատ կը ներկայացուի այն բանին համար, որ Ֆրանսայի երկրորդական վարժարաններու դասագիրքերուն մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է «1915-ի դէպքեր»-ուն, որոնք Ֆրանսայի կողմէ ընդունուած են իբրեւ Հայոց Ցեղասպանութիւն։

Թուրքիոյ դեսպան Թահսին Պուրճուօղլու, քննադատելով խնդրոյ առարկայ դասագիրքերուն մէջ Ցեղասպանութեան նիւթի ընտրութիւնը՝ ըսած է, որ այդ մասին պնդումները հիմնուած են «կեղծ փաստաթուղթեր»ու վրայ, փոխանակ անկողմնակալ տուեալներու վրայ հիմնուելու։ Նշենք, որ 2015-ին տրուած որոշումով մը, Ֆրանսայի մէջ Ցեղասպանութեան նիւթը կը դասաւանդուի Համաշխարհային Ա. պատերազմին վերաբերող դասանիւթին մէջ: Օրին, Ֆրանսայի կրթութեան նախարարութիւնը յաջողութեամբ դիմակայած էր այն ճնշումներուն, որոնք ի գործ դրուեցան Անգարայի եւ անոր նեցուկ կանգնողներու կողմէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+