Էրտողան Արցախի Հիմնախնդիրը Թէ՛ Ազրպէյճանի, Թէ՛ Թուրքիոյ Համար «Արիւնահոսող Վէրք» Կը Նկատէ -   
 
	 Էրտողան Արցախի Հիմնախնդիրը Թէ՛ Ազրպէյճանի, Թէ՛ Թուրքիոյ Համար «Արիւնահոսող Վէրք» Կը Նկատէ
 
	Էրտողան Արցախի Հիմնախնդիրը Թէ՛ Ազրպէյճանի, Թէ՛ Թուրքիոյ Համար «Արիւնահոսող Վէրք» Կը Նկատէ
	
	 
	 
	
	Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ Արցախի հիմնախնդիրը Թուրքիոյ համար նոյնքան կարեւոր է, որքան Ազրպէյճանի համար: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը:
Էրտողան Արցախի հիմնախնդիրը կոչած է «արիւնահոսող վէրք» թէ՛ Ազրպէյճանի, թէ՛ ալ Թուրքիոյ համար եւ շեշտած. «Այս եւ բոլոր մնացեալ հարցերուն մէջ Թուրքիան պիտի շարունակէ գտնուիլ Ազրպէյճանի կողքին»:
Թուրքիոյ նախագահը նաեւ Արցախի հիմնախնդիրին լուծումով զբաղող ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի անդամներուն կոչ ուղղած է` հիմնախնդիրի լուծման ուղղութեամբ աշխուժ քայլերու ձեռնարկելու:
«Մենք կ՛անիծենք Հայաստանի բռնագրաւումի քաղաքականութիւնը», ըսած է Էրտողան:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com