​Թուրքիոյ մէջ առաջին ազգային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կոյս Մարիամի Տաճար - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

03 Kasım 2017  

​Թուրքիոյ մէջ առաջին ազգային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կոյս Մարիամի Տաճար -

​Թուրքիոյ մէջ առաջին ազգային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կոյս Մարիամի Տաճար ​Թուրքիոյ մէջ առաջին ազգային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կոյս Մարիամի Տաճար

Թուրքիոյ մէջ առաջին անգամուան համար տեղի ուnեցաւ ազգային ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Կոյս Մարիամի անուան նուիրուած պատմական տաճար, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Թուրքիոյ մէջ Պապական նուիրակ՝ Գերապայծառ Փոլ Ռասսել ու Թուրիքոյ եպիսկոպոսաց համահաւաքի դասի անդամներ՝ գլխաւորութեամբ Պոլսոյ Հայ Կաթողիկէ թեմի առաջնորդ՝ Արհ. Գերապայծառ Լեւոն Արք Զէքիեանին , ինչպէս նաեւ երկրի զանազան թեմերու կրօնաւորներ ու բազմաթիւ քահանաներ։

Թուրքիոյ ազգային առաջին ուխտագնացութիւնը տեղի ունեցաւ այն վայրին մէջ , ուր կառուցուած է Տիրամօր նուիրուած առաջին տաճարը եւ որուն տարածքը կը նկատուի պատմական եւ հնագիտական վայր, ուր՝ 431 թուականին գումարուեցաւ Եփեսոսի Տիեզերական ժողովը, որուն ընթացքին Սուրբ Կոյս Մարիամը հռչակուեցաւ Աստուածամայր։

Թուրքիոյ մէջ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Փոլ Ռասսել, անդրադառնալով Թուրքիոյ ազգային առաջին ուխտագնացութեան մասին, ընդգծեց թէ այդպիսի իմաստալից վայրերու մէջ աղօթք կատարելը, հրամայական կը նկատուի միութեան ամրապնդման եւ մենք զմեզ եկեղեցի զգալու համար ։

Ան նշեց թէ սոյն ազգային առաջին ուխտագնացութեան միջոցաւ, բացումը կատարուեցաւ նոր ուղիի մը, որուն վրայէն յառաջիկայ տարիներուն, մեծ թիւով հաւատացեալներ պիտի ընթանան համապատասխանելու համար՝ Տիրամօր շուրջ հաւաքուելու հրաւէրին։





Bu haber radiovatican kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (radiovatican) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(radiovatican). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+