Մխիթարեան Դպրոցի Փակումը Վնաս Մըն է Հայ Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման. Արամ Ա. Կաթողիկոս - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Խաւարակ

Հայերէն :

17 Nisan 2018  

Մխիթարեան Դպրոցի Փակումը Վնաս Մըն է Հայ Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման. Արամ Ա. Կաթողիկոս -

Մխիթարեան Դպրոցի Փակումը Վնաս Մըն է Հայ Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մխիթարեան Դպրոցի Փակումը Վնաս Մըն է Հայ Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման. Արամ Ա. Կաթողիկոս

Երեքշաբթի, 17 Ապրիլ 2018-ի առաւօտուն, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին ացելեցին Մխիթարեան Միաբանութեան անդամներէն Գերյարգելի Հ. Յովսէփ Ծ. Վրդ. Թոփալեան եւ իրեն ընկերացող Հ. Մեսրոպ Վրդ. Թոփալեան։ Անոնք Վեհափառ Հայրապետին մտահոգութեամբ պարզեցին Մխիթարեան Միաբանութեան դիմագրաւած դժուարութիւններն ու մարտահրաւէրները։ Ապա, Նորին Սրբութեան ուշադրութեան յանձնեցին Լիբանանի հայութեան կեանքէն ներս երկար տարիներէ՝ 1937էն ի վեր, կրթական ու մշակութային առաքելութեան լծուած, Հազմիէյի մէջ հաստատուած Մխիթարեան վարժարանին առնչուած դժուարութիւնները, յատկապէս վարժարանը վաճառելու գծով գոյութիւն ունեցող ծրագիրները։

Հայրապետը իր կարգին ընդհանուր անդրադարձ մը կատարելով՝ շեշտեց Մխիթարեան Միաբանութեան կատարած կրթական ու մշակութային կարեւոր դերը մեր ժողովուրդին կեանքէն ներս։ Ան յոյս յայտնեց, որ հակառակ տիրող դժուարութիւններուն Մխիթարեան Միաբանութիւնը վերանորոգ ոգիով շարունակէ իր կրթական ու մշակութային առաքելութիւնը։ Ան կարեւորութեամբ շեշտեց, որ հայ դպրոց մը փակելը հարուած մըն է ուղղուած հայու ինքնութեան ու գոյութեան առողջ պահպանման, յատկապէս Լիբանանի մէջ եւ խոստացաւ, որ այս գծով անհրաժեշտ կապեր պիտի հաստատէ Վատիկանի եւ Մխիթարեան Միաբանութեան վերին պատասխանատուներուն հետ։



Haberin Diğer Resimleri Մխիթարեան Դպրոցի Փակումը Վնաս Մըն է Հայ Ժողովուրդի Ինքնութեան Պահպանման. Արամ Ա. Կաթողիկոս

1 2 3





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+