Փիրի. «Թուրքիոյ Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցած Են Ոչ Գոհացուցիչ Պայմաններու Մէջ - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

26 Haziran 2018  

Փիրի. «Թուրքիոյ Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցած Են Ոչ Գոհացուցիչ Պայմաններու Մէջ -

Փիրի. «Թուրքիոյ Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցած Են Ոչ Գոհացուցիչ Պայմաններու Մէջ Փիրի. «Թուրքիոյ Ընտրութիւնները Տեղի Ունեցած Են Ոչ Գոհացուցիչ Պայմաններու Մէջ

Եւրոպական խորհրդարանի Թուրքիոյ հարցերով զեկուցող Քեթի Փիրին մեկնաբանած է 24 յունիսին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած նախագահական եւ խորհրդարանական ընտրութիւնները: Այս մասին, ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրես»-ը, կը յայտնէ թրքական «Տիքեն» պարբերականը: Եւրոպական խորհրդարանի զեկուցողը նշած է, որ ընտրութիւնները տեղի ունեցած են ոչ գոհացուցիչ պայմաններու մէջ:

«Այս ընտրութիւններով վերացուեցաւ ոչ ժողովրդավարական նախագահական վարչակարգին դէմ դրուած վերջին արգելքը: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան ոչ գոհացուցիչ պայմաններու մէջ, մարդոց վախցուցած են», յայտարարեց Փիրի:

Փիրի նաեւ նշեց, որ Թուրքիոյ կառավարման նախագահական համակարգը կը հակասէ եւրոպական արժէքներուն, եւ, որ Եւրոպական Միութիւնը Էրտողանէն բացի պէտք է սկսի կարեւորութիւն տալ նաեւ այլ քաղաքական դերակատարներու:

Տեմիրթաշ Շնորհաւորեց Իր Կուսակիցները Եւ
Շնորհակալութիւն Յայտնեց Հասարակութեան

Թուրքիոյ նախագահական ընտրութիւններուն քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Սելահաթթին Տեմիրթաշ շնորհաւորեց իր կուսակից ընկերները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իրեն վստահութեան քուէ տուած ժողովուրդին:

«Մենք պիտի շարունակենք ժողովուրդի շահերուն համար մղուող վճռական պայքարը` թէ՛ խորհրդարանին մէջ, թէ՛ անկէ դուրս: Կը շնորհաւորեմ ընտրուած եւ չընտրուած բոլոր թեկնածու ընկերներս, բոլորին յաջողութիւն կը մաղթեմ», ըսած է Տեմիրթաշ:

Անդրադառնալով 24 յունիսին տեղի ունեցած խորհրդարանական եւ նախագահական ընտրութիւններուն` Տեմիրթաշ նշած է, որ նախընտրական շրջանին իր ձերբակալուած ըլլալու հանգամանքը եղած է այս ընտրութիւններուն մեծագոյն անարդարութիւնը:

«Այն հանգամանքը, որ ես ստիպուած էի պայքարիլ բանտարկութեան պայմաններուն մէջ, այս ընտրութիւններուն մեծագոյն անարդարութիւնն էր», ըսած է ան:

Տեմիրթաշ փաստած է, որ իր կուսակցութիւնը կրցած է յաջողութեան հասնիլ նախընտրական շրջանին խիստ անհաւասար պայմաններու պարագային:

«Ժողովուրդի վստահութիւնը եւ հաւատքը ժողովրդավարական քաղաքականութեան նկատմամբ, մեզի համար հրահանգ է շարունակելու խաղաղութեան եւ ազատութեան համար մղուող պայքարը», նշած է Տեմիրթաշ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+