​Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Գ. - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

11 Temmuz 2018  

​Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Գ. -

​Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Գ. ​Յուշատետր Օրերը Երկարիլ Սկսան… (Գ.

Եթէ մէկը ինծի հարցնէ, թէ ո՞ր տեսարանն է, որ ես կրնամ Մայր Բնութեան ստեղծած ամէնէն հրաշալի քանի մը տեսարաններէն մէկը նկատել, պիտի պատասխանեմ, որ առաւօտուն օրուան լուսնալն է այդ: Գիտե՞նք, չե՞նք գիտեր, բայց ամէն առաւօտ հրաշալիօրէն գեղեցիկ ու գեղեցկօրէն հրաշալի բան մը կը պատահի, երբ օրը կամաց կամաց լուսնալ կը սկսի: Միշտ մտածած եմ այս մասին եւ միշտ ալ զարմանահրաշ բան մը տեսած եմ ատոր մէջ: Խօսքը արեւածագին մասին չէ: Խօսքը արեւածագէն քիչ ժամանակ առաջ օրուան կամաց կամաց լուսնալուն, կամաց կամաց լուսաւորուելու մասին է, լուսածագին մասին է: Հրաշք մըն է այս, ուրիշ ոչինչ: Գիշերուան մութը կամաց կամաց կը փարատի ու իր տեղը կը թողու կամաց կամաց ստեղծուող, կամաց կամաց ինքզինք զգալի դարձնող լոյսի մը: Նայէ տեսնեմ, կրնա՞ս տեսնել, թէ ինչպէ՛ս մութը կամաց կամաց իր տեղը կը թողու լոյսին, կրնա՞ս տեսնել լոյսին քիչ մը աւելի զօրանալը այնպէս, ինչպէս կրնաս տեսնել ժամացոյցի սլաքին մէկ երկվայրկեան յառաջանալը: Սլաքին յառաջանալը կրնաս տեսնել, բայց լոյսին յառաջանալը չես կրնար տեսնել, ինչպէս որ Մայր Բնութեան մէջ չես կրնար տեսնել ապրող ոեւէ էակի մեծնալը, հասակ առնելը: Միայն կը զգաս, որ ամէն երկվայրկեան շուրջբոլորդ քիչ մը աւելի կը լուսնայ, տիեզերքը, քու տիեզերքդ, ամէն երկվայրկեան կը յստակացնէ իր տեսանելի գիծերն ու գոյները, կը սկսի լուացուիլ ու ներկուիլ լոյսով ու տեսանելիութեամբ: Բնութեան բոլոր գոյները, որոնք կորսուած, ուղղակի զերոյի վերածուած էին գիշերուան մութին մէջ, հիմա կը սկսին վերստին հագուիլ իրենց գոյները, վերստին կը գունաւորուին: Գոյնը լոյսի պէտք ունի, եւ այդ լոյսն է, որ կամաց կամաց կը ստեղծուի շուրջդ, առանց որ դուն կարենաս չափել անոր ստեղծուելու ու տարածուելու արագութիւնը: Միայն կը զգաս: Միայն կը զգաս, որ հիմա քիչ մը աւելի լուսաւորուեցաւ, հիմա քիչ մը եւս լուսաւորուեցաւ, հիմա ամբողջովին լուսաւորուեցաւ: Այս վերջինը, այսինքն ամբողջական լուսաւորուիլը անձայն պայթում մըն է կարծես, տօնակատարութեան մը վերջին կէտը, վարագոյրի մը ամբողջովին բացուիլը: Կու գայ պահը, որ խաւարը այլեւս վերջնականապէս գացած է ու լոյսը ամբողջովին տեղաւորուած է: Մայր Բնութիւնը այդ պահուն կը նայի մեր աչքերուն մէջ ու կարծես կ՛ըսէ.

– Ահա այս առաւօտ ալ ստեղծեցի լոյսը: Վայելէ զայն: Ըմպէ զայն: Լուացուէ անով:

Ան, որ գիտէ լոյսին արժէքը, ան, որ լոյսին մէջ կը տեսնէ Աստուծոյ ու Մայր Բնութեան օրհնութիւնը, պէտք է ցնծայ հիմա, պէտք է փառք տայ, որ լոյսը ծնաւ անգամ մը եւս: Եւ պէտք է զարմանայ այն մեծ զօրութեան վրայ, որ ստեղծած է այդ լոյսը, որմէ մեզի բաժին կը հանէ ամէն օր ժամեր շարունակ:

Այո՛, եթէ մէկը ինծի հարցնէ, թէ Մայր Բնութեան կողմէ ստեղծուած հրաշալիքներէն ո՞րն է այն մէկը, որուն դիմաց կը կախարդուիմ ու ապրելու անսահման երջանկութիւն մը կը զգամ, պիտի ըսեմ, որ օրուան այդ լուսաւորուիլն է ամէն առաւօտ: Ո՛չ մէկ բանաստեղծ պիտի կարենայ նկարագրել այդ պահը, ո՛չ մէկ նկարիչ պիտի կարենայ նկարել այդ գործողութիւնը, որովհետեւ այս ալ Մայր Բնութեան ստեղծած այն հրաշալիքներէն մէկն է, որուն գեղեցկութիւնը անհատական ընկալում է, անհատական փորձառութիւն ու ապրում է: Քու քով կանգնած են հազարաւոր մարդիկ, որոնք կրնան նոյնիսկ չնշմարել, որ օրը լուսնալ սկսաւ: Քու քով կանգնած են հազարաւոր մարդիկ, որոնք որեւէ արտակարգ գեղեցկութիւն կրնան չտեսնել օրուան լուսաւորուելուն մէջ: Անոնց համար թերեւս որեւէ տարբերութիւն չկայ մութին ու լոյսին միջեւ, իրենց կեանքին մէջ մէկ անգամ իսկ չեն հարցուցած, թէ այս ի՜նչ հրաշք է, որ լոյսը կը ծագի ու կամաց կամաց կը նստի մութին տեղ: Անոնցմէ շատերուն համար թերեւս առտուան լուսնալը տարբերութիւն չունի ելեկտրական կոճակի մը վրայ կոխելով լոյս մը վառելէ: Այդ ալ հրաշք մըն է թերեւս, ելեկտրական կոճակով մը շուրջբոլորդ լուսաւորելն ալ իսկապէս հրաշք մըն է թերեւս, բայց ո՛չ թէ գեղագիտական հրաշք մը, ո՛չ թէ բանաստեղծական հրաշք մը, ո՛չ թէ աննկարագրելի հրաշք մը, այնպէս` ինչպէս է միւսը, առտուան լուսնալը: Կոճակին վրայ կը կոխես, եւ լոյսը կը վառի: Մէկ անգամէն: Յանկարծ: Մութը մէկ հարուածով լոյսի կը փոխուի: Այդքա՛ն: Գոհ կը մնաս այդ լոյսէն, բայց չես հիանար, չես զարմանար, չես երջանկանար այնպէս, ինչպէս կ՛երջանկանաս առտուան լոյսին կամաց կամաց ծագիլը տեսնելով: Առտուան լոյսը ելեկտրական կոճակով վառուած լոյսին պէս յանկարծ չի պայթիր: Ան կու գայ առանց զգալի դարձնելու, որ կու գայ, անտեսանելի դանդաղութեամբ եւ քնքշութեամբ կը սկսի թափանցել երկրագունդիդ վրայ գոյութիւն ունեցող ամէն բանէ ներս, նաեւ` քու ներաշխարհէդ ներս: Պէտք է հաւատաս, եթէ գիտես լոյսին արժէքն ու գեղեցկութիւնը, պէտք է հաւատաս, որ առտուան այդ լոյսը կամաց կամաց լուսաւորել կը սկսի ո՛չ թէ միայն քու մարմինդ, այլ նաեւ` քու բոլոր ներքին գործարաններդ, երակներդ, թոքերդ, ստամոքսդ, ամէնէն առաջ ալ սիրտդ, որոնք կարծես կամաց կամաց լուացուիլ կը սկսի քու աչքերէդ դէպի ներս թափանցող այդ հրաշալի լոյսով: Ուրիշը կրնայ չնշմարել ասիկա: Ասիկա քու սեփական փորձառութիւնդ է, սեփական ապրումդ: Կրնաս շուրջդ նայիլ որպէսզի բոլորին հետ բաժնես առտուան լուսածագին այս գեղեցկութիւնը, բայց կրնաս տեսնել, որ ոչ մէկուն հոգն է: Շուրջիններդ ժամացոյցին կը նային, որպէսզի աճապարեն, որովհետեւ գործի օրը սկսաւ իրենց համար: Ո՞վ իր ներքին երջանկութեան ժամացոյցին կը նայի, որպէսզի տեսնէ, թէ ի՛նչ հրաշքով քալեցին լուսածագին սլաքները, ո՞վ աղօթքի կը կանգնի այդ լուսածագին համար շնորհակալութիւն յայտնելով:






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+