​Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները - Հայերէն
18 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մասիս / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

29 Eylül 2020  

​Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները -

​Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները ​Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը Յաջողութեամբ Կը Դիմակայէ Թշնամիի Բոլոր Յարձակումները

Հայկական Կողմը Վերահաստատեց

Իր Վերահսկողութիւնը Կարգ Մը Դիրքերու Վրայ

27 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 7:00-ին Արցախ-Ազրպէյճան շփման գիծի ամբողջ երկայնքին Ազրպէյճանը լայնածաւալ յարձակում սկսած էր: Պատերազմական վիճակը շարունակուեցաւ նաեւ երէկ` 28 սեպտեմբերին, երբ արցախեան սահմանի ամբողջ երկայնքին տեղի ունեցան մարտեր: Հայ-ազրպէյճանական սահմանին ազրպէյճանական կողմը սադրանքներու դիմած է` առայժմ միայն Վարդենիսի ուղղութեամբ: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուած է ռազմական դրութիւն, տեղի կ՛ունենայ ընդհանուր զօրահաւաք:

Արցախի Հանրապետութեան Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ ազրպէյճանական պատերազմական օդանաւ մը ջախջախուած է: Հայաստանի հանրային պատկերասփիւռի կայանին այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի մամլոյ բանբեր Վահրամ Պօղոսեան:

«Այսօր արդէն կրնանք յստակ ըսել, որ հաստատ Մարտունի քաղաքի հատուածին մէջ թշնամիի օդանաւ մը ջախջախուած է», ըսած է Պօղոսեան:

Երէկ երեկոյեան Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է, որ թշնամին սկսած է լայնածաւալ յարձակողական նոր գործողութիւն Արաքսի հովիտի հատուածին վրայ եւ Մատաղիս-Թալիշ հատուածներուն մէջ:

«Արցախի պաշտպանութեան բանակը յաջողութեամբ կը դիմակայէ բոլոր յարձակումներն ու գրոհները եւ հակառակորդին կը հասցնէ անձնակազմի եւ զինամթերքի զգալի կորուստներ: Այս պահու դրութեամբ ոչնչացուած է հակառակորդի 22 միաւոր հրասայլ եւ 10 միաւոր այլ զրահամեքենայ: Ոչնչացուած է աւելի քան 370 զինուորական: Ունին մեծ քանակով վիրաւորներ: Ստացուած տեղեկատուութեան համաձայն, վիրաւորներուն մէջ ծանր վիրաւոր զինուորներուն քանակը կը կազմէ 35 առ հարիւր», գրած է Յովհաննիսեան:

Երէկ երեկոյեան, Արցախի պաշտպանութեան բանակի փոխհրամանատար Արթուր Սարգսեան տեղեկացուցած է, որ դիրքային փոփոխութիւններ բնականաբար եղած են: Գիշերուան ընթացքին տեղի ունեցած են յամառ մարտեր, որոշ հատուածներու վրայ դիրքերը վերականգնուած են: Սարգսեան ըսած է. «Համազօրային ժամանակակից մարտին մէջ` օգտագործելով արդի սպառազինութիւնը, ընթացքը անընդհատ կ՛աճի եւ ժամ առ ժամ դիրքային փոփոխութիւն տեղի կ՛ունենայ»:

27-էն 28 սեպտեմբերի լուսցող լոյս 28-ի գիշերը մարտական գործողութիւնները շարունակուած են: Թշնամին առաւօտեան կիրարկած է նաեւ ՏՕՍ ծանր հրանետ:

Արցախի պաշտպանութեան բանակի ձեռնարկած հակայարձակումին հիմամբ հայկական կողմը ետ վերցուցած է 27 սեպտեմբերին կորսնցուցած շարք մը դիրքեր, եւ հայկական կողմը մնացած են ազրպէյճանական բանակի տասնեակ սպաննուածներ:

Իսկ առաւօտեան թշնամին հրետանային կրակ վարած է Մարտակերտ քաղաքին ուղղութեամբ:

27 սեպտեմբերէն սկսած մարտական գործողութիւններուն պատճառով հայկական կողմը ունի մօտ 200 վիրաւոր:

Պաշտպանութեան բանակը կը յայտնէ, որ հայկական կողմի ընդհանուր կորուստներուն թիւը 59 է:

Երէկ կէսօրէ ետք հարաւարեւելեան ուղղութեամբ համեմատաբար թեթեւ մարտեր տեղի ունեցած են, մնացած ուղղութիւններով կռիւները շարունակուած են: Հրետակոծուած են հիւսիսային բնակավայրերը` մասնաւորապէս Մարտակերտ քաղաքը: Հրետակոծութեան ընթացքին հոն եղած են լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+