Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Որոշած Է Խորհրդակցութիւններու Նպատակով Տուն Կանչել Իսրայէլի - Հայերէն
11 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Մարերի / Օր : Երեզկան / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

02 Ekim 2020  

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Որոշած Է Խորհրդակցութիւններու Նպատակով Տուն Կանչել Իսրայէլի -

Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Որոշած Է Խորհրդակցութիւններու Նպատակով Տուն Կանչել Իսրայէլի Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Որոշած Է Խորհրդակցութիւններու Նպատակով Տուն Կանչել Իսրայէլի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը որոշած է խորհրդակցութիւններու նպատակով տուն կանչել Իսրայէլի մէջ Հայաստանի դեսպանը: Այս մասին 1 հոկտեմբերին հրաւիրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին ըսաւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Աննա Նաղդալեան:

Աննա Նաղդալեան ըսաւ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը վերահաստատէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միակ լուծումը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահութեան ձեւաչափն է` շեշտելով, որ ներկայ դրութեամբ առաջնահերթութիւնը կրակի դադրեցման ուղղութեամբ քայլերու ձեռնարկումն է ու կրակի դադրեցումը:

Նաղդալեան յայտնեց, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը Թուրքիան կը յորդորէ ականջալուր ըլլալ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը սրելէ զերծ մնալու միջազգային հանրութեան կոչերուն:

Ան նաեւ շեշտեց, որ Ազրպէյճանի մէջ Թուրքիոյ միջոցով Սուրիայէն եւ Լիպիայէն ահաբեկիչ զինեալներու, իսլամական արմատականներու եւ ժիհատական շարժումներու մասնակիցներու տեղակայումը վտանգ կը ներկայացնէ ո՛չ միայն տեղւոյն, այլ նաեւ դրացի շրջաններուն համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբերը աւելցուց, որ նախարարութիւնը կը ձեռնարկէ բոլոր կարելի միջոցներուն, որպէսզի այդ մտահոգութիւնները ներկայացնէ իր բոլոր գործընկերներուն, եւ Թուրքիոյ նման ապակայունացնող քաղաքականութիւնը ստանայ իր համարժէք գնահատականը եւ, ի վերջոյ, զսպուի:

Նաղդալեան դիտել տուաւ, որ այս անգամ Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած յարձակումները կը տարբերին անով, որ Ազրպէյճան դիտումնաւոր կերպով թիրախ կը դարձնէ քաղաքացիական բնակչութիւնն ու քաղաքացիական ենթակառուցուածքները` այդպիսով պատճառելով մարդկային եւ նիւթական կորուստներ:

Նաղդալեան ըսաւ, որ նախարարութիւնը խստագոյնս կը դատապարտէ Արցախի քաղաքային բնակավայրերու մէջ Ազրպէյճանի կողմէ հայ եւ օտար լրագրողներու թիրախաւորումը, ինչ որ միջազգային իրաւունքի խախտում է` դիտել տալով, որ Արցախի Մարտունիի շրջանին մէջ աշխատանքներ կատարող լրագրողները ունեցած են յատուկ տարբերանշաններ եւ զգեստ, թիրախաւորուած են նաեւ զանոնք տեղափոխող մեքենաները:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+