Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտ - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

13 Ekim 2020  

Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտ -

Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտ Քրեմլին Ընդգծած Է Լեռնային Ղարաբաղի Շուրջ Ձեռք Բերուած Համաձայնութեան Պահպանման Կարեւորութիւնը` Շեշտելով. «Մոսկուան Շատ Ուշադիր Կը Հետեւի Կացութեան»

Քրեմլին չափազանց կարեւոր կը նկատէ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ համաձայնութիւններու կատարումը, ինչ որ ապագային կրնայ հող նախապատրաստել մարտական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման եւ տագնապի լուծման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներուն անցնելու: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:

«Մենք բարձր կը գնահատենք մարդասիրական դադարի մասին որոշումը, որ ձեռք բերուած է Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հաղորդակցութիւններուն շնորհիւ», երէկ լրագրողներուն ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով:

Ան ընդգծած է, որ այժմ Մոսկուան «շատ ուշադիր կը հետեւի կացութեան, Քրեմլինի մէջ երկու կողմերէն հաղորդակցութիւններ կը տեսնեն զինադադարի խախտումներու մասին»:

«Մենք կը կարծենք, որ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութիւնը չափազանց կարեւոր է ապագային մարտական գործողութիւններու լիակատար դադրեցման եւ տագնապին լուծման քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներուն անցնելու համար», ընդգծած է Քրեմլինի բանբերը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+