Ասորի Կաթողիկէ Եունան Պատրիարքի այցլելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին - Հայերէն
16 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մանի / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

07 Ekim 2021  

Ասորի Կաթողիկէ Եունան Պատրիարքի այցլելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին -

Ասորի Կաթողիկէ Եունան Պատրիարքի այցլելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին Ասորի Կաթողիկէ Եունան Պատրիարքի այցլելութիւնը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ին

Երկու Հոգեւոր Տէրերու միջեւ գոյութիւն ունի հին բարեկամութիւն եւ եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ, որոնք սկսած էին 20-րդ դարու 60-ական թուականներուն Հռոմի մէջ՝ աստուածաբանական ուսումնառութեան ընթացքին:

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.ի ընտրութեան առթիւ շնորհաւորական այցեր տեղի կ’ունենան Հռոմի Հայ կաթողիկէ Լեւոնեան վարժարանին մէջ։

Այս ծիրէն ներս, Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2021-ի առաւօտեան, Ասորի Կաթողիկէ Իգնատիոս Էֆրէմ Գ․ Եունան Պատրիարքը շնորհաւորական եղբայրական այցելութիւն մը տուաւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին։ Եունան Պատրիարքին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին եպիսկոպոսներ եւ վարդապետներ։

Հանդիպման ընթացքին Եունան Պատրիարքը իր եղբայրական շնորհաւորանքները յղեց նորընտիր Պատրիարքին՝ անցեալ Սեպտեմբերին Հռոմի մէջ տեղի ունեցած արտահերթ ընտրական Սիւնհոդոսի ընթացքին պատրիարք ընտրուելուն առթիւ, անոր մաղթելով յաջողութիւն եւ հայրապետական հեզասահ գործունէութիւն, որպէս կաթողիկէ քոյր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ եւ գլուխ, լիբանանեան դժուարին եւ ճնշիչ պայմաններուն մէջ:

Իր կարգին, Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը շնորհաւորեց Ասորի Կաթողիկէ Հայրապետը իր քահանայական ոսկեայ յոբելեանին և եպիսկոպոսական արծաթեայ յոբելեանին առթիւ՝ աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, անոր առողջութեան եւ երկար կեանք շնորհելու համար:

Եունան Պատրիարքին այցելութիւնըԶոյգ հոգեւոր առաջնորդները իրենց ուրախութիւնն ու գոհունակութիւնը յայտնեցին միասնաբար աշխատելու եւ ծառայելու գծով, իրենց լիակատար պատրաստակամութիւնը ցուցաբերելով եղբայրական համագործակցութեան համար՝ ի շահ երկու քոյր եկեղեցիներու բարօրութեան: Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան յատկապէս ներկայի հրատապ մարտահրաւէրները, յատկապէս Լիբանանի եւ Միջին Արևելքի երկիրներու ընդհանուր իրավիճակը եւ այդ շրջանին մէջ քրիստոնէական ներկայութիւնը:

Երկու Հոգեւոր Տէրերը քննարկեցին նաեւ ընդհանրապէս եկեղեցական եւ յատկապէս Տիեզերական եկեղեցւոյ առնչուած հարցեր եւ մասնաւորաբար Հռոմի մէջ 2023-ին տեղի ունենալիք Սիւնհոդոսը, նկատելով որ Եունան Պատրիարքը Սիւնհոդոսի կազմակերպիչ մարմնին մէջ կը ներկայացնէ Արեւելեան Կաթողիկէ եկեղեցիները։

Հարկ է նշել, որ երկու Հոգեւոր Տէրերու միջեւ գոյութիւն ունի հին բարեկամութիւն եւ եղբայրական սերտ յարաբերութիւններ, որոնք սկսած էին 20-րդ դարու 60-ական թուականներուն Հռոմի մէջ՝ աստուածաբանական ուսումնառութեան ընթացքին:

Իսկ Կիրակի, 26 Սեպտեմբերի առաւօտեան, նորընտիր Հոգեւոր Տիրոջ շնորհաւորական այցելութիւն մը տուած էր նաեւ Հայաստանի մէջ Իտալիոյ նախկին դեսպան, այժմ Ալպանիոյ մէջ ԵԱՀԿի ներկայացուցիչ Վինչենզօ Տել Մոնաքօ։





Bu haber vaticannews kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (vaticannews) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(vaticannews). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+