Նախարար Սոյլուի Հետ Հանդիպումը՝ Վաղը - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

10 Eylül 2022  

Նախարար Սոյլուի Հետ Հանդիպումը՝ Վաղը -

Նախարար Սոյլուի Հետ Հանդիպումը՝ Վաղը Նախարար Սոյլուի Հետ Հանդիպումը՝ Վաղը

Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի եւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը առաւօտ։ Ինչպէս ծանօթ է, փոքրամասնական համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերը այս շրջանին պետական մարմիններու կողմէ ուշադրութեան առարկայ կը դարձուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած էր հանդիպում մը՝ ներքին գործոց փոխ-նախարար Մեհմէտ Էրսոյի մասնակցութեամբ։ Մեր համայնքին կողմէ այդ հանդիպման մասնակցած էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։ Այդ խորհրդակցութեան հրաւիրուած էր նաեւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։

Նախընթաց օրուան խորհրդակցութեան ժամանակ արդէն շեշտուած էր, որ առկայ հարցերու շուրջ ծաւալուն քննարկում մըն ալ ծրագրուած է Ներքին գործոց նախարար Սոյլուի հետ։ Ուրեմն, երէկ համայնքային շրջանակներէն ներս արդէն շրջանառութեան մէջ մտան զանազան տեղեկութիւններ, ըստ որոնց նախարար Սոյլուի հետ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նախատեսուած է վաղը, եթէ մետասաներորդ պահուն փոփոխութեան մը առարկայ չդառնայ։

Կուսակալութեան խորհրդակցութեան բոլոր մասնակիցները յայտնած էին, թէ մեծ յոյս ունին Սոյլուի հետ տեսակցութենէն։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+