Սամաթիոյ Ընտանիքը Շաբաթավերջի Տարեկան Մատաղօրհնութեան Ընդառաջ Կը Դիմէ Համայնքի Աջակցութեան - Հայերէն
08 Ekim 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Հոռի / Օր : Միհր / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

21 Eylül 2022  

Սամաթիոյ Ընտանիքը Շաբաթավերջի Տարեկան Մատաղօրհնութեան Ընդառաջ Կը Դիմէ Համայնքի Աջակցութեան -

Սամաթիոյ Ընտանիքը Շաբաթավերջի Տարեկան Մատաղօրհնութեան Ընդառաջ Կը Դիմէ Համայնքի Աջակցութեան Սամաթիոյ Ընտանիքը Շաբաթավերջի Տարեկան Մատաղօրհնութեան Ընդառաջ Կը Դիմէ Համայնքի Աջակցութեան

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիր եւ թաղային խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Խաչիկ Էօզտեմիր։ Շաբաթավերջին նախատեսուած է Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ եւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան աւանդական մատաղօրհնութիւնը՝ հովանաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները տարեկան սիրոյ սեղանին ընդառաջ այցելեցին խմբագրատունս՝ բացատրութիւններ տալու համար թաղի առկայ կարիքներուն շուրջ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին թաղականները դիտել տուին, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս տարի եւս ծով կարիքներ ունի եւ պիւտճէի բացը արդէն 4 միլիոն թրքական լիրայի սահմաններուն հասած է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ Սամաթիոյ ընտանիքը կ՚ապաւինի համայնքային ունեւոր հաստատութիւններու եւ մեր բարերարներու աջակցութեան։ Ուստի, անոնք զօրակցութեան կոչ ուղղեցին՝ որպէսզի բոլորը տէր կանգնին պատմական Սամաթիային եւ այսպէսով երաշխաւորուի նաեւ Սահակեան-Նունեան վարժարանի առաքելութեան կայունութիւնը։

Ինչպէս ծանօթ է, ամէն տարի սիրոյ սեղաններու շրջանը կը սկսի Սամաթիայով։ Այս տարի ալ այս աւանդութիւնը պիտի շարունակուի։ 2022-2023 շրջանի առաջին սիրոյ սեղանը պիտի սարքուի Սամաթիոյ մէջ, իսկ աւելի վերջ մեր միւս վարժարաններու կարիքներու դիմագրաւման համար աւանդական նուիրահաւաքման արշաւը արդէն ընթացք պիտի առնէ։





Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+