«Մասիս» Շաբաթաթերթը Հիւրընկալեց Քաղաքագէտ` Լիլիթ Դալլաքեանին -
«Մասիս» Շաբաթաթերթը Հիւրընկալեց Քաղաքագէտ` Լիլիթ Դալլաքեանին
«Մասիս» Շաբաթաթերթի բաց քննարկումներու շարքին հերթական հիւրն էր քաղաքագէտ Լիլիթ Դալլաքեան, որ այցելութեամբ ժամանած էր Լոս Անճելըս: Իրանահայ Միութեան գրադարանէն ներս տեղի ունեցած հանդիպումը վարեց «Մասիս» Շաբաթաթերթի խմբագիր Գրիգոր Խոտանեան, որ նախ ներկայացուց Տիկ․ Դալլաքեանի կենսագրական հակիրճ գիծերը: Լիլիթ Դալլաքեան աւարտած է ԵՊՀ իրաւագիտութեան բաժանմունքը` ստանալով պաքալաւրի աստիճան: Հայաստանի Հանրապետութեան Կառավարման ակադեմիային մէջ ուսանելէ ետք, ստացած է իրաւաբանական գիտութիւններու մագիստրոսի կոչում: Աշխատած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արդարադատութեան, Սփիւռքի եւ Պաշտպանութեան նախարարութիւններէն ներս: Գերազանց յառաջադիմութեամբ աւարտած է Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցը` Եւրոպական Միութեան ուսուցման դասընթացի ծիրին մէջ: Ապա աշխատանքի անցած է Հայկական Կարմիր Խաչի ընկերութեան մէջ` զբաղելով 2020 թուականի պատերազմէն տուժած բնակչութեան աջակցութեան ծրագիրներով: 2025-ին հիմնադրած է «Միտք» վերլուծական կեդրոնը: Անոր հետազօտական հիմնական բնագաւառներն են աշխարհաքաղաքական տարբեր կեդրոններու քաղաքականութիւնը, անոնց մրցակցութիւնը եւ մասնաւորաբար անոր ազդեցութիւնը Հարաւային Կովկասի երկիրներուն վրայ: Իր ելոյթի ընթացքին Տիկ․ Դալլաքեան նախ անդրադարձաւ Երեւանի մէջ գումարուելիք Եւրոպական Քաղաքական Համայնքի գագաթաժողովին, յայտնելով թէ այդ շատ կարեւոր իրադարձութիւն է, որ պիտի բարձրացնէ Հայաստանի դերը տարածաշրջանէն ներս: Ժողովին նպատակը Եւրոպական Միութեան եւ գործընկեր պետութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու խորացումն է եւ միտուած է անվտանգութեան ապահովման տարածաշրջանէն ներս: Եւրոպան նաեւ կ’աջակցի Հայաստանին Ռուսաստանի կողմէ եկող «հիպիրտային»` ապատեղեկատուութեան դէմ պայքարի շրջագիծէն ներս: Յարգելի բանախօսը քննադատեց Քրեմլինի վարած ներկայ քաղաքականութիւնը Հայաստանի հանդէպ: Ան ըսաւ, թէ ինք չուզեր հակառուսաստան քարոզչութիւն ընել, բայց ներկայիս երբ աշխարհի տարածքին տեղի կ’ունենան վերադասաւորումներ, պէտք չէ Հայաստան կախեալ ըլլայ մէկ կեդրոնէ: Խօսելով Թրամփի Ուղի (TRIPP) ծրագրի հեռանկարներուն` ԱմերիկաևԻրանեան պատերազմի լոյսին տակ, Տիկ. Դալլաքաեան յայտնեց, որ Իրանը եւ նաեւ Ռուսաստանը առաջին օրէն իսկ դրական չեն տրամադրուած այդ ծրագրին հանդէպ, մանաւանդ որ Ամերիկան աւելի պիտի մօտեցնէ իրենց սահմաններուն: «Այդ երկու երկիրները պիտի ընեն իրենց կարելին վիժեցնելու համար այդ ծրագիրի իրականացումը»: Հայաստան-Թուրքիա սահմանի բացման հաւանականութեան մասին Տիկ. Դալլաքեան յայտնեց, որ ինք համաձայն չէ այն կարծիքին հետ, որ Թուրքիան սահմանը չի բանար Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառաւ: «Թուրքիան այդ պատճառաբանութիւնը կ’օգտագործէ սահմանը փակ պահելու համար: Թուրքիան ինքն է, որ չուզեր սահմանը բանալ, այդպիսով իր ազդեցութիւնը ուժեղացնելու համար Կովկասէն ներս»: Վերջաւորութեան, Լիլիթ Դալլաքեան պատասխանեց ներկաներու շարք մը հարցումներուն:
Bu haber massispost kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (massispost) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(massispost). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com