​Մշակոյթը Մտքին Սնունդն Է - Հայերէն
14 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

13 Ekim 2026  

​Մշակոյթը Մտքին Սնունդն Է -

​Մշակոյթը Մտքին Սնունդն Է ​Մշակոյթը Մտքին Սնունդն Է

Հոկտեմբերի այս օրերուն կ՚արժէ խորհրդածել հայ մշակոյթի վրայ՝ անոնց հետ մանաւանդ, որ տակաւին հայերէն կը կարդան, հայերէն լեզուի եւ մշակոյթի օտար չեն եւ մտահոգութիւններ ունին հայ լեզուի նկատմամբ։

Արդարեւ, հայ մշակոյթը հսկայ կառոյց մըն է՝ որուն սիւներէն մին է հայերէն լեզուն։ Հայ մշակոյթի ուրիշ մէկ սիւնն ալ հայ գրականութիւնն է՝ որ ծնունդ առած է Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցով, որ կը տառապէր «օտար»ի ազդեցութենէն եւ ան դիմեց աստուածային նախախնամութեան միջամտութեան՝ հայերէն գիրերը հնարելու, որպէսզի հայ ժողովուրդը վերջնականապէս տիրանայ իր մտաւորական անկախութեան եւ իր հարազատ լեզուով գիր եւ գրականութիւն մշակէ։

Արդարեւ, մարդ՝ հոգի է ե՛ւ մարմին, իսկ հոգիին մաս կը կազմէ միտքը, եւ հոգին կ՚ազդէ մարմինին, ապա ուրեմն մարդուն հոգին եթէ առողջ է եւ ազնիւ՝ մարմինն ալ առողջ կ՚ըլլայ, իսկ միտքը երբ զարգացած է եւ մշակուած, մարմինն ալ իր կարգին մշակուած կ՚ըլլայ։ Այս իմաստով՝ միտքը պէտք է սնուցանել եւ մշակել, մշակոյթով զար-գացնել։

Ուստի, այս ուղղութեամբ Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի առաջին գործը եղաւ՝ Աստուածաշունչ մատեանը թարգմանել, մասնակցութեամբ եւ գործակցութեամբ խումբ մը աստուածաբան դպիրներու՝ որոնք ամենայն երկիւղածութեամբ, բծախնդրութեամբ եւ լրջութեամբ, սեղմ կարգապահութեամբ ձեռնարկեցին հայոց պատմութեան ամենէն կարեւոր եւ հոգեշահ գործին՝ հրաշքի մը գործադրութեան, եւ հայ ժողովուրդին նուիրեցին «Թարգմանութիւններու թագուհի»ն՝ հայերէն լեզուով Աստուածաշունչ մատեանը։

Եւ ահաւասիկ, այդ օրէն իսկ սկսեալ Աստուածաշունչ մատեանը հայ ժողովուրդի հոգեւորականութեան եւ մտաւորականութեան հոգեմտաւոր գրական դասագիրքը, բացատրագիրքը դարձաւ եւ ամենէն բարեպաշտէն մինչեւ յետին անաստուածը, Աստուծոյ նկատմամբ դրուժանը, Աստուածաշունչ մատեանը դարձուց իր ներշնչման աղբիւրը եւ շտեմարանը։

Պատմութիւնը կը վկայէ, թէ ընթերցողներուն համար Սուրբ Գիրքը ճշմարիտ ուրախութիւն մը եղաւ։ Արդարեւ, Ղեւոնդ Երէց մարտիկներուն կ՚ըսէր. «Դուք ինձմէ աւելի՛ տեղեակ էք եւ հմուտ՝ Սուրբ Կտակարաններուն»։

Ներսէս Լամբրոնացի, ԺԲ. դարու տիտաններէն, «Մեկնութիւն Սուրբ Պատարագի խորհուրդին» գիրքին մէջ սապէս կը գրէ. «Սուրբ Գիրքը մեր հոգիին կերակուր կու տայ եւ ըմպելի կը մատուցանէ, ի մշտնջենաւոր ուրախութիւն եւ ի փառս Աստուծոյ։ Աստուածաշունչ մատեանը գիրքն է Աստուծոյ օրէնքին եւ հրամաններուն՝ որ կը քաղցրացնէ լսողներուն ականջը սաղմոսներու եւ եղանակներու վայելչութեամբ։ Արօտ է Աստուածաշունչ մատեանը՝ ուր մեր հոգին կը սնանի…»։

Գրիգոր Բ. Վկայասէր Կաթողիկոս (1068-1105), «կը բանար Հին եւ Նոր կտակարաններէն մին, կարծես բացած ըլլար աստուածաբուխ աղբիւրներու դռները եւ Սուրբ Հոգիին հոսումը կը զեղուր ի լսելի ժողովուրդին…», կը վկայէ պատմագիրը։

Սուրբ Ներսէս Դ. Շնորհալի (Կլայեցի) Կաթողիկոսի մասին կը վկայուի, թէ «չունէր մարմնական հանգիստ, այլ անդադար ժուժկալութեամբ ինքզինք կու տար աղօթքի եւ Աստուածաշունչ մատեանի ընթերցանութեան։ Ան կը խորհրդածէր եւ անդադար նուրբ եւ բծախնդիր տեսութեամբ կը քննէր խոր իմաստը Սուրբ Գիրքերուն։ Ան սորված, ուսումնասիրած էր բոլոր Աստուածաշունչի Գիրքերը. խօսքով կատարեալ եւ Հոգիով լեցուն էր, գետի յորձանքի նման առատաբուխ՝ Աստուածաշունչ մատեանի ուսուցումին մէջ։ Հեզ եւ խոնարհ սրտով, զգաստ եւ արթուն՝ աստուածային գիրքերը քննելու մէջ։

Գագիկ Բ. թագաւորը կը վկայէ, թէ «բոլոր Աստուածաշունչ մատեանին հմուտ էր։ Ան մանկութենէն Սուրբ Գիրքերու դպրութեամբ կրթուած էր եւ Սուրբ Գիրքերը իր ամբողջ ժամանցն էր»։

Հեթում Բ. թագաւորը՝ «իր մանկութեան օրերէն ի վեր վարժուած էր աստուածային օրէնքներու գիրքերու ընթերցանութեան։ Վարժ էր աստուածային գիրքերու»։

Հազկերտի կողմէ հայ նախարարներու բանտարկութեան ընթացքին՝ Վարդան Մամիկոնեանի դստեր «Շուշանի բարեկամները բոլոր գիշերը աղօթքի, սաղմոսերգութեան եւ Սուրբ Գիրքի ընթերցումով կ՚անցընէին»։

Ուստի, մեր նախնիները, հայրերը եւ մայրերը հայ մշակոյթի որպէս հիմնաքար՝ Աստուածաշունչ մատեանը ընտրած եւ ընդունած էին եւ անկէ ստացած հոգեւոր սնունդով է, որ դիմացան դարերո՜ւ երաշտին։

Այսօր, ընդհանրապէս հայ գրականութիւնը, եւ դժբախտաբար, կը կրէ աստուածամերժ եւ օտարամուտ գաղափարներու ազդեցութիւնը։ Հայ գրողը, հակառակ անոր որ իր պաշարը կը ստանայ Աստուածաշունչ մատեանէն, «ամօթ» կը զգայ հոգեւոր բովանդակութեամբ ստեղծագործութիւններ հրամցնելու հայ մշակոյթին՝ ի սպաս հայ ժողովուրդին…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ




Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+