Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածո - Հայերէն
14 Ekim 2026 - Հակական տոմար - Տարի : 4519 / Ամիս : Սահմի / Օր : Վանատուր / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

14 Ekim 2026  

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածո -

Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր  Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածո Ազրպէյճանի Դպրոցներուն Մէջ Լաչակի Սահմանափակումներու Հարցով Բողոքի Ցոյցեր Եւ Թուրքիոյ Հետ Լարուածութիւն

Ազրպէյճանի շարք մը դպրոցներու մէջ աշակերտներն ու ծնողները բողոքի ցոյցեր կատարած են` պահանջելով լաչակ կրող աղջիկներու դասերուն մասնակցութիւնը արտօնել: «Արմէնփրես», վկայակոչելով «ԺԱՄնիուզ»-ը, կը հաղորդէ, որ 12 հոկտեմբերին երկրի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է դպրոցական համազգեստի պահանջներու կիրարկման շուրջ միջադէպերու պատճառով 37 անձերու ձերբակալման մասին:

Պաքուի եւ Մասալլիի շրջանի որոշ դպրոցներու մէջ աշակերտները մերժած են դասերուն մասնակցիլ` աջակցելով լաչակ կրող դասընկերուհիներուն:

Պաքուի Պալախանի բնակավայրի թիւ 69 դպրոցին մօտ ցուցարարները պարզած են «Լաչակը կրթութեան խոչընդոտ չէ» գրութեամբ պաստառ:

Բողոքի պատճառ դարձած են կառավարութեան` 21 սեպտեմբերին որդեգրած դպրոցական հագուստի նոր պահանջները: Որոշումը կ՛արգիլէ համազգեստի միասնականութիւնը խախտող կամ կրթութեան աշխարհիկութեան սկզբունքին չհամապատասխանող հագուստի տարրերը: Փաստաթուղթին մէջ լաչակը ուղղակիօրէն չի յիշատակուիր:

«Մէյտան Թի.Վի.»-ի հաղորդումով` ծնողներն ու աշակերտուհիները յայտնած են, որ դպրոցներու ղեկավարութիւնը կը պահանջէ վերցնել լաչակը: 6 հոկտեմբերիին հաստատուած են նաեւ ուսուցիչներու հագուստի առանձին պահանջներ` գործնական ոճի եւ կրթութեան աշխարհիկ բնոյթի պահպանման վերաբերեալ:

Ազրպէյճանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ձերբակալուածները Պաքուի մէջ խնդիրներ ստեղծած են կրթական աշխատողներու հետ, վնաս հասցուցած են ուսումնական հաստատութիւններուն եւ փորձած խոչընդոտել անոնց աշխատանքը:

Յարուցուած է քրէական գործ` հասարակական կարգը խախտող գործողութիւններ կազմակերպելու կամ անոնց գործօն կերպով մասնակցելու յօդուածով:

Միւս կողմէ, Ազրպէյճանի իշխող «Նոր Ազրպէյճան» կուսակցութիւնը յայտարարութիւն հրապարակելով նշեց, որ Թուրքիոյ նախագահի գլխաւոր խորհրդական Օքթայ Սարալն ու Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն ու բարգաւաճում կուսակցութեան երեսփոխանները «ամբոխավարական եւ անպատասխանատու» յայտարարութիւններ կ՛ընեն` առանց հաշուի առնելու Ազրպէյճանի մէջ լաչակ կրելու արգելքին վերաբերեալ հարցի էութիւնը:

Ըստ «Նոր Ազրպէյճան»-ի, նման յայտարարութիւնները կը հակասեն «թուրք-ազրպէյճանական եղբայրական յարաբերութիւններու ոգիին եւ կրնան նպաստել հասարակութեան մէջ արհեստական լարուածութեան ստեղծման»:

«Իսլամական աշխարհի ոչ մէկ պետութիւն իրաւունք ունի իր կամքը պարտադրելու այլ իսլամ ժողովուրդներուն, միջամտելու անոնց ներքին գործերուն կամ ինքզինք միւսներէն վեր դասելու: Իսլամական աշխարհի միասնութեան ծառայելու պնդումները պէտք է հիմնուած ըլլան ոչ թէ գերիշխելու ձգտումներուն, այլ հաւասարներու համագործակցութեան եւ փոխադարձ յարգանքին վրայ», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:

«Ազրպէյճանի աշխարհիկ պետական համակարգը եւ կրթական քաղաքականութիւնը քաղաքական շահագործումներու առարկայ դարձնելը անընդունելի է», յայտնած է կուսակցութիւնը:

Ըստ Ազրպէյճանի իշխող կուսակցութեան, Թուրքիոյ մէջ կրօնական եւ աշխարհիկ արժէքներու շուրջ քաղաքական բանավէճերը կը խորացնեն հասարակութեան բեւեռացումը:

«Մենք կը կածենք, որ լաչակի նման զգայուն հարցերու իբրեւ քաղաքական շահագործումներու եւ պառակտման գործիք օգտագործումը ո՛չ թուրք ժողովուրդի միասնութեան, ո՛չ ալ իսլամական աշխարհի համերաշխութեան կը ծառայէ: Նման հարցերը իբրեւ Ազրպէյճանի վրայ քաղաքական ճնշման գործիք օգտագործելը յատկապէս անընդունելի է: Մենք իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան կոչ կ՛ուղղենք` զերծ մնալու այս ապակառուցողական քաղաքականութենէն», նշած են Ալիեւի կուսակցութենէն` ընդգծելով, որ վերջերս «Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած տեղեկատուական այս արշաւը դարձած է աւելի յարձակողական, համակարգուած եւ բացայայտօրէն զրպարտչական»:

«Ազգային ղեկավար Հայտար Ալիեւի կողմէ սահմանուած «Մէկ ազգ, երկու պետութիւն» սկզբունքը կը կազմէ թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններու հոգեւոր եւ քաղաքական հիմքը: Սակայն պատմական այս արտայայտութեան էութիւնը պէտք չէ աղաւաղուի: Խօսքը ինքնին մէկ ազգի եւ երկու անկախ պետութիւններու մասին է: Այս սկզբունքը ոչ մէկ կերպով մէկ պետութեան հիմք կու տայ միջամտելու միւսի ներքին գործերուն կամ պարտադրելու իր քաղաքական ու գաղափարական մօտեցումները:

«Յոյսով ենք, որ Թուրքիոյ համապատասխան քաղաքական շրջանակները ճիշդ եզրակացութիւններ պիտի ընեն նման անպատասխանատու յայտարարութիւններէն եւ պիտի խուսափին այնպիսի քայլերու ձեռնարկելէ, որոնք կրնան վնասել թուրք-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:




Bu haber aztagdaily kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (aztagdaily) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(aztagdaily). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+