Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա «Մեղմացուած» Համաձայնութիւն - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

19 Mart 2016  

Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա «Մեղմացուած» Համաձայնութիւն -

Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա «Մեղմացուած» Համաձայնութիւն Եւրոպական Միութիւն – Թուրքիա «Մեղմացուած» Համաձայնութիւն

Եւրոպական Միութեան ղեկավարներն ու Թուրքիան երէկ Պրիւքսէլի մէջ գումարուած եւ գաղթականներու ճգնաժամին նուիրուած վեհաժողովի երկրորդ օրուան աւարտին գոյացուցին համաձայնութիւն` արգելակելու համար գաղթականներու հոսքը դէպի Եւրոպա:

Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Տոնալտ Թուսք «Թուիթըր»-ի վրայ գրեց, որ Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան 28 անդամներուն միջեւ «միաձայնութեամբ» գոյացած է համաձայնութիւն:

Համաձայնութեան հիմամբ` Յունաստան հասնող գաղթականները կիրակի կէս գիշերուընէ սկսեալ պիտի վերադարձուին Թուրքիա, եթէ ապաստանի անոնց դիմումը մերժուի: Փոխարէնը Եւրոպական Միութեան երկիրները Թուրքիա գտնուող հազարաւոր սուրիացիներ պիտի վերաբնակեցնեն: Համաձայնութիւնը Թուրքիոյ կ՛ապահովէ ելեւմտական օժանդակութիւն եւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան աւելի արագ կշռոյթի բանակցութիւններ: Սակայն եւրոպական կողմէն նախապէս կատարուած կարգ մը զիջումներ «մեղմացուած» են եւ Եւրոպական Միութեան կարգ մը անդամներ մտահոգութիւն յայտնած են Թուրքիոյ մէջ մարդկային իրաւանց կացութեան նկատմամբ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+