Ապահովական Նկատառումներով. Գերմանիա Փակեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Փայլածու

Հայերէն :

19 Mart 2016  

Ապահովական Նկատառումներով. Գերմանիա Փակեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները -

Ապահովական Նկատառումներով. Գերմանիա Փակեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները Ապահովական Նկատառումներով. Գերմանիա Փակեց Թուրքիոյ Մէջ Իր Դիւանագիտական Ներկայացուցչութիւնները

Էսոշիէյթըտ Փրես հաղորդեց, որ Գերմանիան ապահովական նկատառումներով փակած է Թուրքիոյ մէջ իր դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնները:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք-Վալթեր Շթայնմայեր յայտնեց, որ որոշուած է փակել Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունն ու Պոլսոյ մէջ Գերմանիոյ հիւպատոսարանը, ինչպէս նաեւ երկու քաղաքներուն մէջ գտնուող գերմանական դպրոցները` ապահովական նախազգուշացում ստանալէ ետք:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Պերլինի մէջ լրագրողներուն յայտնած է. «Գոյութիւն ունին որոշ յստակ տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիոյ մէջ մեր ներկայացուցչութիւններուն դէմ ահաբեկչական յարձակում կը սպասուի»:

Ան յայտնած է, որ անվտանգութեան մարմինները կը փորձեն յաւելեալ տեղեկութիւններ հաւաքել: Շթայնմայեր չէ յստակացուցած, թէ որքա՛ն ժամանակ փակ պիտի մնան իր երկրին ներկայացուցչութիւնները:

Թուրքիոյ մայրաքաղաք Անգարայի մէջ վերջին ահաբեկչական արարքը տեղի ունեցաւ 13 մարտի երեկոյեան: Ատոր պատճառով սպաննուեցան 37 անձեր եւ արձանագրուեցան աւելի քան հարիւր վիրաւորներ:

Յունուարին Պոլսոյ մէջ 12 գերմանացի զբօսաշրջիկներ վիրաւորուած էին, երբ ՏԱՀԵՇ անձնասպանական գործողութիւն մը գործեց:

Միւս կողմէ, քրտական զինեալ խմբաւորում մը` ԹԱՔ-ը ստանձնեց կիրակի օր Անգարայի մէջ տեղի ունեցած յարձակումին պատասխանատուութիւնը: Այդ խմբակը արդէն իսկ ստանձնած էր անցեալ ամիս Անգարայի մէջ տեղի ունեցած ականահարման պատասխանատուութիւնը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+