Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին - Հայերէն
30 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Գիշերավար / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

02 Ağustos 2016  

Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին -

Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին Պոլսոյ Մէջ Բացումը Պիտի Կատարուի Հայազգի Լուսանկարիչ Արա Կիւլերի Պատկերասրահին

Աշխարհահռչակ պոլսահայ լուսանկարիչ Արա Կիւլերը համաձայնութեան եկած է թրքական «Տողուշ հոլտինկ» ընկերութեան հետ` Պոլսոյ մէջ իր լուսանկարներու միջազգային պատկերասրահ բանալու հարցին շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը։

«Ակօս» պարբերականը յղում կատարելով թրքական «Էն.Թի.Վի» կայքին, կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ կեդրոնական Պէյօղլու թաղամասին մէջ գտնուող շէնքը, ուր անուանի լուսանկարիչը ծնած, մեծցած եւ ապա ստեղծագործած է, պիտի վերածուի պատկերասրահի, ուր պիտի ցուցադրուին Կիւլերի լուսանկարները, պաստառները, անձնական իրերը, մրցանակները, ինչպէս նաեւ պիտի ներկայացուին իր կեանքն ու արուեստը:

Պատկերասփիւռի ստեղծման աշխատանքներուն պիտի մասնակցին թուրք եւ այլազգի մասնագէտներ. անիկա պիտի դառնայ արուեստի կարեւոր միջազգային կեդրոն` ըլլալով այդպիսի առաջին պատկերասրահը Թուրքիոյ մէջ:

Guler_80216

Իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մօտ կանգնած «Տողուշ հոլտինկ»-ի ղեկավար Ֆերիտ Շահանեք նշած է, որ Արա Կիւլերի հետ համագործակցութեան նպատակը լուսանկարիչին ստեղծագործական ժառանգութիւնը պահպանելն է եւ զայն փոխանցելը` յաջորդ սերունդներուն:

Անցեալ տարուան դեկտեմբերին Արա Կիւլերը խզած էր այս ընկերութեան հետ աւելի կանուխ կնքուած համաձայնագիրը` յայտարարելով, որ չի պատրաստուիր իր արխիւը փոխանցել թրքական ընկերութեան եւ չի ցանկար իր անունով թանգարան հիմնել:

Այս անգամ «Տողուշ» ընկերութիւնը յաջողած է համաձայնութեան գալ հայազգի լուսանկարիչին հետ:

Յայտնենք, որ միջազգային բազմաթիւ մրցանակներու արժանացած 87-ամեայ լուսանկարիչ Արա Կիւլեր ծանօթ է «Պոլսոյ աչք», «Ակնթարթի որսորդ», «100-ամեակի լաւագոյն լուսանկարիչ», «Անգերազանցելի լուսանկարիչ-պատմաբան» անուններով: Ան իր լուսանկարներուն մէջ պատկերած է հին ու նոր Պոլիսը, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներն ու յուշարձանները: Կիւլերի լուսանկարչական մեքենան «որսացած» է այնպիսի նշանաւոր դէմքեր, ինչպիսիք են` Ուինսթըն Չըրչիլը, Փապլօ Փիքասոն, Սալվատոր Տալին, Սոֆիա Լորենը, Ուիլիըմ Սարոյեանը եւ Սերգէյ Փարաճանովը:

Հայազգի յայտնի լուսանկարիչի տասնամեակներու աշխատանքը ընդգրկող հսկայական արխիւը, ըստ թրքական մամուլին, 3 միլիոն եւրօ գնահատուած է:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+