Չաւուշօղլու Գերմանիոյ կառավարութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

02 Eylül 2016  

Չաւուշօղլու Գերմանիոյ կառավարութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն -

Չաւուշօղլու Գերմանիոյ կառավարութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն Չաւուշօղլու Գերմանիոյ կառավարութենէն կը պահանջէ հրաժարիլ Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւէն

«­Ռոյ­թըրզ» լրա­տու գոր­ծա­կա­լու­թիւ­նը կը հա­ղոր­դէ, որ ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Մեւ­լութ ­Չա­ւու­շօղ­լու յայտ­նած է, թէ Ան­գա­րա գեր­մա­նա­ցի ե­րես­փո­խան­նե­րու պի­տի ար­տօ­նէ մուտք գոր­ծել Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յան այն պա­րա­գա­յին, երբ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը հրա­ժա­րի ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող բա­նա­ձե­ւէն:

Անդ­րա­դառ­նա­լով գեր­մա­նա­ցի ե­րես­փո­խան­նե­րու Ին­ճիր­լի­քի ռազ­մա­կա­յան մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւն տա­լու հար­ցին` ­Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րը ը­սած է.- «Ա­տի­կա կա­խեալ է ­Գեր­մա­նիոյ կող­մէ ձեռ­նար­կո­ւե­լիք քայ­լե­րէն:

Ե­թէ ա­նոնք անհ­րա­ժեշտ քայ­լե­րու դի­մեն, ա­պա մենք կա­րե­լի պի­տի դարձ­նենք այ­ցե­լու­թիւ­նը: ­Սա­կայն, դժբախ­տա­բար, պէտք է ը­սեմ, որ ա­նոնք, ո­րոնք կը մի­ջամ­տեն եւ ա­նար­դար ձե­ւով կը շա­հա­գոր­ծեն մեր պատ­մու­թիւ­նը, այ­ցե­լու­թիւն կա­տա­րե­լու ար­տօ­նու­թիւն պի­տի չստա­նան»:

Թուր­քիոյ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րը յայտ­նած են, որ ­Չա­ւու­շօղ­լո­ւի նա­խան­շած «անհրա­ժեշտ քայ­լե­րը» կ­՛են­թադ­րեն, թէ ­Գեր­մա­նիոյ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ինք­զինք հե­ռաց­նէ ­Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թիւ­նը ճանչ­ցող ­Պուն­տես­թա­կի բա­նա­ձե­ւէն եւ յստա­կաց­նէ, որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ա­տոր չ­՛ա­ջակ­ցիր:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+