Փորթլենտի Մէջ Թրամփի Ընտրուելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերածուած Են Անկարգութիւններու - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Առագոտ

Հայերէն :

12 Kasım 2016  

Փորթլենտի Մէջ Թրամփի Ընտրուելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերածուած Են Անկարգութիւններու -

Փորթլենտի Մէջ Թրամփի Ընտրուելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերածուած Են Անկարգութիւններու Փորթլենտի Մէջ Թրամփի Ընտրուելուն Դէմ Բողոքի Ցոյցերը Վերածուած Են Անկարգութիւններու

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու Օրիկոն նահանգի Փորթլենտ քաղաքին մէջ Տանըլտ Թրամփի` Միացեալ Նահանգներու նախագահ ընտրուելուն դէմ բողոքի ցոյցերը վերածուած են անկարգութիւններուն:

Իրաւապահ մարմիններուն տուեալներով` ցուցարարները, որոնց թիւը չի ճշդուիր, կը խանգարեն ինքնաշարժներու երթեւեկը եւ կը ջարդեն ցուցափեղկերը: Ոստիկանութիւնը ձերբակալած է քանի մը մարդ:

Փորթլենտի ոստիկանութեան վարչութիւնը յայտարարութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Բողոքներու տարողութեան եւ անոնց քրէածին ու բացայայտօրէն վտանգաւոր բնոյթին պատճառով ոստիկանութիւնը այժմ այդ գործողութիւնները կ՛որակէ իբրեւ անկարգութիւններ»:

Թրամփի ընտրուելուն դէմ զանգուածային ցոյցեր տեղի կ՛ունենան երկրի բազմաթիւ նահանգներուն, որոնց շարքին` Նիւ Եորքի, Ուաշինկթընի եւ Քալիֆորնիոյ մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+