Մահչուփեան Թուրքիոյ Կրթական Համակարգի Զարգացման Համար Օրինակ Բերած է Հայաստանի Փորձը - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

23 Ocak 2017  

Մահչուփեան Թուրքիոյ Կրթական Համակարգի Զարգացման Համար Օրինակ Բերած է Հայաստանի Փորձը -

Մահչուփեան Թուրքիոյ Կրթական Համակարգի Զարգացման Համար Օրինակ Բերած է Հայաստանի Փորձը Մահչուփեան Թուրքիոյ Կրթական Համակարգի Զարգացման Համար Օրինակ Բերած է Հայաստանի Փորձը

Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի գլխաւոր խորհրդական, լրագրող եւ յօդուածագիր հայ Էթիէն Մահչուփեան «Մահուան վախը եւ ազգայնականութիւնը» յօդուածին մէջ անդրադարձած է Թուրքիոյ կրթական համակարգի իսլամականացուած ըլլալուն` նշելով, որ Թուրքիան կարիք ունի ստեղծագործական կրթական համակարգի, կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:

Մահչուփեան այս բնագաւառին մէջ իբրեւ օրինակ բերած է Հայաստանը` ներկայացնելով այստեղ գործող «Թումօ» կեդրոններն ու UWC միջազգային քոլեճը:

Թրքական «Karar.com» լրատուական կայքին մէջ հրապարակած յօդուածին մէջ Մահչուփեան կը նշէ, որ համաշխարհայնացումը առաջին հայեացքէն ձեռնտու է մեծ պետութիւններուն, քանի որ անոնք ատոր միջոցով կրնան մեծցնել իրենց ազդեցութեան գօտիները: Սակայն, ըստ հեղինակին, այսօր համաշխարհայնացման ձգտող մեծ պետութիւնները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հրահրած քաոսը չեն կրնար կառավարել: Իսկ այստեղի փոքր երկիրներէն դուրս եկած որոշ մարդիկ (ահաբեկիչները-խմբ.) կրնան խախտել մեծ ուժերու կողմէ պահպանուող աշխարի անդորրը:

«Եթէ ըսենք, որ այս նոր իրավիճակը փոքրերուն համար միայն հակամարտութիւններու ու պատերազմներու տեսանկիւնէ օգտակար է, սխալած կ՛ըլլանք, քանի որ այսօր փոքր երկիրներու առջեւ խաղաղութեան եւ կայունութեան շնորհիւ մեծ հորիզոններ կը բացուին: Մեր օրերուն ամենաշատ խոչընդոտներով շրջապատուած երկիրներէն մէկը Հայաստանը այս տեսանկիւնէ հետաքրքրական օրինակ է: Իր շուրջ գրեթէ ոչ մէկ վստահելի բարեկամ ունեցող, Ռուսիայէն չափէն աւելի կախում ունեցող, երերուն տնտեսութեամբ, պակսող բնաչկութեամբ, ժողովրդավարութեան մշակոյթի մէջ շատ բացթողումներ ունեցող հասարակութիւն մը…

«Սակայն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող 16 UWC (United World Colleges) քոլեճներէն մէկը Հայաստանի Դիլիջան քաղաքին մէջ է»:

Մահչուփեան շեշտած է, որ Դիլիջանի դպրոցին մէջ միջազգային անգլերէն լեզուով բարձրորակ կրթութիւն կը ստանայ աշխարհի 73 երկիրներէ մօտ 200 աշակերտ, որոնցմէ 6-ը Թուրքիայէն են:

Այնուհետեւ յօդուածագիրը անդրադարձած է Հայաստանի մէջ գործող «Թումօ» ստեղծարար արհետսագիտութիւններու կեդրոնին` նշելով, որ այստեղ 12-18 տարեկան երեխաները տարբեր ոլորտներու մէջ ստեղծագործական միտքը զարգացնող դասընթացներ կ՛առնեն:

«Երեխաներու աշխատանքները ու նախագիծերը աջակցութիւն կը ստանան կեդրոնին կողմէ եւ դուրս կը բերուի միջազգային հարթութիւն: Կարիք չկայ աւելցնելու, որ ամէն տարի այստեղ կ՛այցելեն բազմաթիւ աշխարհահռչակ գիտնականներ ու արուեստի գործիչներ` իրենց մասնակցութիւնը բերելով անոնց աշխատանքներուն»,- նկատել կու տայ Մահչուփեան` աւելցնելով, որ կրթական այս փնտռտուքը Հայաստանի շնորհը չէ: Ըստ անոր` լաւ կ՛օգտագործուին հզօր սփիւռքի միջազգային մակարդակի կապերը:

Ինքզինք թրքական հասարակութեան անդամ համարող հայ հեղինակը, աւարտելով յօդուածը, կը գրէ. «Թուրքիան փոքր երկիր չէ: Միւս կողմէ եթէ նոյնիսկ առարկայականօրէն ապագայի մեծ ներուժ ունինք, բայցեւայնպէս նորը կառուցելու հարցով մեծ թերութիւններ ունինք: Քանզի մենք դեռ կը վախնանք ազատ քաղաքացիէն եւ կ՛ապրինք օրինակելի քաղաքացիի երազանքով:

«…Մեր դպրոցները կիսանդրիներով (Աթաթուրքի-խմբ.), քայլերգներով ու կրօնականացուած հերոսներով կ՛առանձնանան:

«Ստեղծագործական կրթութենէն վախցող «ազգայնական կրթութիւնը» ինչ գաղափարախօսական հենք ալ ունենայ, միեւնոյնն է արդիւնքը պիտի չփոխուի:

«Եւ ասկէս 100 տարի ետք ալ դեռ առօրեական պիտի ըլլայ հարցնելը` ինչո՞ւ ետ մնացինք»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+