«Մեր Կարելին Կ՛ընենք Շրջանի Երկիրներուն Միջեւ Վիհի Խորացումը Կանխարգիլելու Համար» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ -  
 
	
 
	«Մեր Կարելին Կ՛ընենք Շրջանի Երկիրներուն Միջեւ Վիհի Խորացումը Կանխարգիլելու Համար» Կ՛ըսէ Եըլտըրըմ
	
	 
	 
	
	Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ, ակնարկելով Ծոցի շրջանին մէջ ստեղծուած ճգնաժամին, յայտնեց. «Թուրքիան ներկայիս դիւանագիտական աշխուժ եռուզեռի մէջ է կանխարգիլելու համար շրջանի երկիրներուն միջեւ վիհի խորացումը»:
«Թուրքիա շրջանի մնացեալ ղեկավարներուն հետ կը շարունակէ կոչ ուղղել հանդարտ մնալու եւ Ծոցի շրջանի ճգնաժամը վնասազերծելու», ըսաւ ան:
Թուրքիոյ վարչապետը զգուշացուց Արաբական ծոցի շրջանի տարակարծութեան շրջանային ճգնաժամը միջազգային շատ մեծ ճգնաժամի վերածուելուն վտանգէն` նկատի ունենալով Արաբական ծոցի շրջանի աշխարհաքաղաքական կարեւորութիւնը: Ան բոլորին կոչ ուղղեց «ճգնաժամը մեղմացնելու համար պատասխանատուութեամբ վարուելու»:
 
	
	 
Bu haber  kaynağından gelmektedir. 
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı ()  ve yazarına ait olup,
 bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com