Ես Իսլամացած Հայու Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ. Կարօտ Սասունեան - Հայերէն
24 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Զօրացեալ

Հայերէն :

26 Haziran 2018  

Ես Իսլամացած Հայու Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ. Կարօտ Սասունեան -

Ես Իսլամացած Հայու Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ. Կարօտ Սասունեան Ես Իսլամացած Հայու Քրիստոնեայ Զաւակ Եմ. Կարօտ Սասունեան

Ծնունդով Սասունէն, այժմ Տիարպեքիր բնակող Կարօտ Սասունեանը մանուկ հասակէն մայրը կ՝ուղարկէր մզկիթ, որպէսզի արաբական տառերը սորվի, մտածելով, որ եթէ մեծանայ իբրեւ մահմետական՝ ատելութեան ու վրէժխնդրութեան զգացում չ՝ունենար:

«Երբ կ՝անցնէինք մզկիթի մօտէն, կը ծաղրէին զիս՝ ըսելով, որ Կարպիսի տղան պէտք է դառնայ իմամ, ու մենք ալ անոր առջեւ նամազ ընենք: Ես անընդհատ կը հարցնէի մեծ հօրս, թէ ո՞վ է Կարպիսը, բայց ան չէր ըսեր: Օր մը տեղի տուաւ ու ըսաւ, որ Կարպիսը իմ մեծ հօրս հայրն էր՝ հայ: Թէեւ ինձմէ ամէն կերպով կը փորձէին թաքցնել արմատներս, սակայն չէին կրնար, քանի որ շրջապատը կը յիշեցնէր այդ մասին: Յետոյ հարց առաջացաւ, թէ այդ պարագային ի՞նչ կապ ունինք Հուսէյնի հետ, եթէ մեծ հօրս հայրը Կարպիսն է. մահմետականութիւնս այդտեղ աւարտեցաւ: Ես իսլամացած հայու քրիստոնեայ զաւակ եմ»,- պատմեց Սասունեանը:

Կարօտ Սասունեան կ՝ապրի Տիարպեքիր, լրագրող է, կը զբաղի լուսանկարչութեամբ: Քիւրտ-թրքական բախումներուն հետեւանքով, Տիարպեքիրի Սուր թաղամասը կրած էր հսկայական վնասներ: Անմասն չէր մնացած նաեւ հայկական Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին, որուն զանգը այդ ժամանակ ինկած էր ու կը շարունակէ լռել մինչեւ այսօր:

«Նախքան բախումը եկեղեցին նորոգուած էր եւ 2011-ին վերաբացուած էր, բայց ոչ թէ իբրեւ եկեղեցի, այլ ուղղակի այցելելու համար: 2012-ին՝ 97 տարուան ընդմիջումէ յետոյ՝ Սուրբ Կիրակոսի մէջ կատարուած էր առաջին եկեղեցական արարողութիւնը: Տարին մէկ անգամ՝ Սուրբ Զատիկի օրը, մեզի կ՝արտօնէին այնտեղ պատարագ մատուցել: Անիկա կարծես տեղի ու յարակից շրջաններու հայերու հաւաքատեղին ըլլար: 2015-ին, Սուրբ Զատիկին, 1200 հաւկիթ ներկայծ էինք, որ յետոյ, ինչպէս տեսանք քիչ էր: Բազմաթիւ հիւրեր ունեցանք: Իսկ հիմա բոլորը վախէն տունէն դուրս չեն ելլեր»,- ըսաւ լուսանկարիչը:

Սասունեան պատմեց, որ այժմ եկեղեցին անմխիթար վիճակի մէջ է, խորանը աւերուած է, գմբէթը չկայ: Արդէն երեք տարի է արգիլուած է մուտք գործել այդ թաղամաս:

Պետութիւնը այդ թաղամասին մէջ գտնուող ամէն ինչ հողին հաւասարցուցած է՝ հայկական տուները նոյնպէս: Սուրբ Թէոդորոս եկեղեցին, որը նոյնպէս այդտեղ կը գտնուի, վերածուեցաւ մզկիթի:

Սասունեանի խօսքով, եթէ քիւրտերը Տիարպեքիրի մէջ կը համարուին թշնամի՝ հայերուն կ՝անուանեն թշնամիներու թշնամի: Այդ իսկ պատճառով հայերը եկեղեցւոյ վերակառուցման համար որեւէ պահանջ չեն կրնար ներկայացնել:

Սասունեանը, որպէսզի արդարացնէ իրենց վերագրուող ծուռ սասունցի ասոյթը, որոշած է այցելել եւ թաքուն լուսանկարել սուրբ Կիրակոս եկեղեցին:

«Պարծենալու համար չեմ ըրած, գիտեմ որ կարօտ էք, անգամ լուսանկարները շատ մեծ արժէք ունին ձեզի համար»,- ըսաւ Սասունեանը:

Կարօտ Սասունեանը Հայաստան եկած է Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնին հրաւէրով:

«10 տարի է կը զբաղինք իսլամացած հայերու հարցերով: Պէտք է յստակ զանազանել. կան իսլամացած ու ծպտեալ հայեր: Ծպտեալ հայերը կը պահպանեն ազգային դիմագիծը, անգամ ստեղծած են յատուկ ցանց ու գիտեն, որ հարեւան գիւղէն, որ ընտանքը հայ է ու կ՝ամուսնանան միայն հայերու հետ: Այս ամէնը բնականաբար գաղտնի կը պահուի: Իսկ իսլամացած հայերը շատ յաճախ տեղեակ ալ չեն ըլլար, որ հայ են, այս տեսակը վտանգաւոր է»,- նշեց կեդրոնի տնօրէն Հայկազուն Ալվրցեան:

Յիշեցնենք, որ Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին կը թուագրուի 5-րդ դար: 2011-ին վերակառուցուած էր եկեղեցւոյ զանգակատունը, որ վնասուած էր 1915-ին՝ ռմբակոծութենէն: Եկեղեցւոյ գմբէթը ամենաբարձրն էր քաղաքին մէջ, եւ մզկիթներու մինարեթներէն բարձր չըլլալուն համար մահմետականները աւերած էին զայն:

Նանէ Հայրապետեան





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+