​Նոր Գիրքեր - Հայերէն
29 Mart 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Արեգ / Օր : Վարագ / Ժամ : Հրակաթն

Հայերէն :

08 Temmuz 2018  

​Նոր Գիրքեր -

​Նոր Գիրքեր ​Նոր Գիրքեր

Պետրոս Դուրեան. «Աստղերու Հեղեղ»

Պետրոս Դուրեան… Արեւմտահայ գրականութեան ամենասիրուած հեղինակը` թերեւս, որուն բազմաթիւ անգամներ տպագրուած գործերը` «Տրտունջք»-ը, «Լճակ»-ը, «Թրքուհին»-ը եւ միւսները գոց կ՛արտասանեն նոյնիսկ անոնք, որոնք հազիւ հայկական դպրոց մը աւարտած են, ապա չեն առնչուած հայ կեանքին: 21 տարեկան ծաղիկ հասակին թոքախտի պատճառով կեանքէն հեռացած կեանքով լեցուն այս բանաստեղծը իր ստեղծագործութիւններով հանդիսացած է հայ գրականութեան զարգացման անկիւնաքարերէն մէկը` բազմաթիւ անգամներ իրաւամբ համեմատուելով համաշխարհային գրականութեան տիտաններուն հետ: Դուրեանի խորունկ զգացմունքայնութիւնը, անհատի նուրբ ապրումները պատկերելու տաղանդը, մահուան` արուեստով յաղթելու հանճարեղութիւնը զինք եզակի հեղինակի մը վերածելու քանի մը ազդակներէն օրինակներ են միայն:

Դուրեանի երկերուն այս նոր հրատարակութիւնը` «Աստղերու հեղեղ»-ը կը բովանդակէ հեղինակին բանաստեղծութիւնները, յօդուածներն ու նամակները` տրուած ծանօթագրական ճոխ տեղեկութիւններով, ինչպէս նաեւ` կենսագրական հարուստ տուեալներով:

Հրատարակութիւնը նախատեսուած է ո՛չ միայն համայնքային դպրոցներու ուսուցիչներուն ու աշակերտութեան համար, այլ նաեւ` բոլոր անոնց համար, որոնց հոգիներէն ներս վառ կը մնայ Պետրոս Դուրեանի հանդէպ սէրը, ինչպէս նաեւ` առհասարակ բանաստեղծութեան նկատմամբ վառ հետաքրքրութիւնը:

Պետրոս Դուրեան ծնած է 20 մայիս 1851-ին, Սկիւտար: Յաճախած է երբեմնի համբաւաւոր Ճեմարանը, զոր աւարտած է 1867-ին: Կ՛աշխատի տարբեր վայրերու մէջ: Այդ տարիներուն կը յօրինէ իր անդրանիկ պատմական թատերախաղը: Հետզհետէ բեմ կը հանուին նաեւ միւս թատրերգութիւնները, որոնց ներկայացումներուն ներկայ կ՛ըլլար անձամբ:

1869-ին Դուրեան ճանաչում կը գտնէ նաեւ որպէս բանաստեղծ ու հրապարակագիր: Կը հրատարակուի «Ձօն առ Հայրիկն Խրիմեան ազգասէր նորընտիր պատ. Կ. Պոլսոյ» բանաստեղծութիւնը:

Պետրոս Դուրեանի մօտ թոքախտը ի յայտ կու գայ 1871-ին: Կը մահանայ 21 յունուար 1872-ին:

Բանաստեղծի մահէն ետք կը տպագրուին իր երկերը, եւ գոյացած գումարով կը կանգնեցուի դամբարանը, 1874-ին: Տապանագիրի հեղինակն է 14-ամեայ եղբայրը` Միհրանը (հետագային` Եղիշէ արք. Դուրեան):


Զապէլ Եսայեան. «Շնորհքով Մարդիկ» Եւ «Հլուները Եւ Ըմբոստները»

«Արաս» հրատարակչատունը կը շարունակէ գրականութեան մասնագէտներուն եւ ընթերցողներու ուշադրութեան յանձնել Ի. դարու արեւմտահայ գրականութեան տիրական դէմքերէն Զապէլ Եսայեանի ստեղծագործութիւնները: Եսայեանի անդրանիկ` «Սպասման սրահին մէջ» վէպը առաջին անգամ առանձին հատորով տպելէ ետք, «Արաս»ը այժմ այլ հատորով կը ներկայացնէ «Շնորհքով Մարդիկ» եւ «Հլուները եւ ըմբոստները» վէպերը:

Առաջինը` «Շնորհքով մարդիկ»-ը, տպուած է Պոլիս, 1907-ին, «Սագայեան» տպարանէն, իբրեւ «Նշան Պապիկեան» մատենադարանի հրատարակութիւն:

Վէպը կը պատմէ անցեալին ամիրայական վերնախաւին պատկանող պոլսեցի ընտանիքի մը մութին մնացած պատմութիւնը, անոր գաղտնիքները եւ կը բացայայտէ ներքին փտածութիւնը: Սկիւտարի ու Բերայի մէջ ընթացող պատումը կը հիւսուի Յակոբի ու Զարուհիի շուրջ: Վէպին գլխաւոր կերպարները մարդիկ չեն միայն, այլ նաեւ Պոլսոյ գեղեցկութիւնները` Չամլըճան, Ոսկեղջիւրի ու Վոսփորի տեսարանները: «Շնորհքով մարդիկ» վէպը տպագրուած է նաեւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ, 1959-ին:

Գիրքին մէջ տեղ գտած միւս վէպը կը կոչուի «Հլուները եւ ըմբոստները», որ առաջին անգամ կը հրատարակուի առանձին հատորի մը մէջ: Համիտեան բռնապետութեան շրջանէն պոլսահայ իրականութենէն դրուագ մը պատկերող կիսաւարտ այս վէպը իբրեւ թերթօն նախ տպագրուած է 1906-ին, Լեւոն Լարենցի խմբագրութեամբ Եգիպտոս հրատարակուող «Ազատ Բեմ» հանդէսին մէջ:

Զապէլ Եսայեան գործածած է Շահան ծածկանունը: Վէպէն ընդարձակ հատուած մը հետագային` օսմանեան սահմանադրութեան վերահռչակումի օրերուն, լոյս տեսած է նաեւ «Ձայն հայրենեաց»-ին մէջ, զոր Լեւոն Լարենց սկսած էր խմբագրելու Պոլսոյ մէջ:

Բացի այս վէպերէն` հատորի աւարտին զետեղուած է ֆրանսահայ գրագէտ Գրիգոր Պըլտեանի «Երկու վէպեր» խորագրեալ վերջաբանը եւ բանասէր Սեւան Տէյիրմենճեանի մէկ ուսումնասիրութիւնը, ուր ցոյց կը տրուին «Շնորհքով մարդիկ» վէպին պոլսական ու խորհրդային հրատարակութիւններուն տարբերութիւնները:

Զապէլ Եսայեանի նոր հատորը, որուն կողքին վրայ տպուած է Կարապետ Եազմաճեանին մէկ գեղանկարը, հասցէագրուած է դպրոցական բարձր տարիքի պատանիներուն, ինչպէս նաեւ` ընթերցող լայն շրջանակներու:

Զապէլ Եսայեան, բուն անունով` Զապէլ Յովհաննէսեան, ծնած է 1878-ին, Սկիւտար: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Ս. Խաչ վարժարանին մէջ: Տասնեօթը տարեկանին գացած է Փարիզ եւ հետեւած` Սորպոնի գրականութեան դասընթացքներուն: Այնտեղ ամուսնացած է նկարիչ Տիգրան Եսայեանին հետ: Գրական իր նախափորձերը կատարած է Արշակ Չօպանեանի «Ծաղիկ» եւ «Անահիտ» թերթերուն մէջ: Փրկուած է Մեծ Եղեռնէն` փախչելով Պուլկարիա եւ անկէ անցնելով Կովկաս, ուր տարած է հանրային եւ ազգային կեանքը շահագրգռող աշխատանք: 1920-էն ետք անցած է Եւրոպա: Ազգային գործունէութեան առընթեր, զբաղած է նաեւ գաղթականներու եւ որբերու տեղաւորման հարցերով: 1927-ին կ՛այցելէ Խորհրդային Հայաստան եւ Փարիզ վերադարձին կը հրատարակէ «Պրոմէթեոս Ազատագրուած» հատորը:

1933-ին կը տեղափոխուի Երեւան եւ հոն կը շարունակէ իր գրական գործունէութիւնը: Կը պաշտօնավարէ պետական համալսարանին մէջ` իբրեւ դասախօս, աւանդելով արեւմտեան երկիրներու գրականութեանց պատմութիւն: 1937-ին կ՛աքսորուի` դառնալով ստալինեան բռնութիւններուն զոհը: Հետագային կը յայտարարուի, որ ան մահացած է 1943-ին:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+