Յարութիւն Վարդապետ Օրհնութիւնը Ստացաւ Պատրիարք Հօր - Հայերէն
07 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Աստղիկ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

21 Eylül 2022  

Յարութիւն Վարդապետ Օրհնութիւնը Ստացաւ Պատրիարք Հօր -

Յարութիւն Վարդապետ Օրհնութիւնը Ստացաւ Պատրիարք Հօր Յարութիւն Վարդապետ Օրհնութիւնը Ստացաւ Պատրիարք Հօր

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Սեպտեմբեր 2022, Երեքշաբթի, յետ միջօրէին, ընդունեց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Հոգշ. Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանի համամտութեամբ ու օրհնութեմբ, Հայր Սուրբը, Հինգշաբթի միջօրէին պիտի ճամբորդէ դէպի Նիւ Եորք եւ ժամանակաւորապէս իր կեցութիւնը պիտի հաստատէ Ս. Ներսէս Ճեմարանէ ներս։ Այս շրջանին Հայր Սուրբը, Արեւելեան Թեմի Առաջնորդութեան ենթակայ ըլլալով պիտի մասնակցի նաեւ զանազան արարողութեանց, ինչպէս նաեւ մասնակից պիտի ըլլայ Ս. Ներսէս Ճեմարանի առօրեային։

Նախ քան ուղեւորութիւնը, Հայր Սուրբը, օրհնութիւնը ստացաւ Մեր Հոգեւոր Պետին եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար։ Պատրիարք Հայրը, անդրադառնալով Հայր Սուրբի ամրան շրջանի ծառայութեան իր գնահատանքը յայտնեց։ Ուղեւորութեան սեմին հայրական թելադրութիւններ ընելով, օրհնութիւնը տուաւ Աթոռոյս երիտասարդ միաբանին եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն սոյն կեցութեան շրջանին։

Ինչպէս ծանօթ է, Հայր Սուրբը, Պատրիարք Հօր օրհնութեամբ եւ Ազգիս Վեհափառ Հայրապետ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւս օրհնութեամբ, անցեալ տարի ուղեւորուած էր Մայր Աթոռ եւ Յունիս ամսուան մէջ ստացած՝ վարդապետական գաւազանը։





Bu haber TRHayBad kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (TRHayBad) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(TRHayBad). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+