Ֆրանսա Հալէպի Կացութեան Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անմիջական Նիստ Կը Պահանջէ - Հայերէն
02 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Հրանդ / Ժամ : Արփող

Հայերէն :

30 Kasım 2016  

Ֆրանսա Հալէպի Կացութեան Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անմիջական Նիստ Կը Պահանջէ -

Ֆրանսա Հալէպի Կացութեան Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անմիջական Նիստ Կը Պահանջէ Ֆրանսա Հալէպի Կացութեան Հարցով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Անմիջական Նիստ Կը Պահանջէ

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Մարք Էյրօ երէկ յայտարարած է, որ Ֆրանսա կը պահանջէ անյապաղ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստ գումարել` Հալէպի կացութիւնը քննարկելու համար:

Ան ընդգծած է, որ Ապահովութեան խորհուրդի խորհրդակցութիւնը անհրաժեշտ է կատարել «անյապաղ, որպէսզի ուսումնասիրուի այդ տառապեալ քաղաքին կացութիւնը, եւ քննարկուին անոր բնակչութեան օգնութիւն հասցնելու միջոցները»:

«Այժմ աւելի քան երբեւիցէ անհրաժեշտ է հասնիլ մարտական գործողութիւններու դադրեցման եւ ապահովել մարդասիրական օգնութեան անարգել ցուցաբերումը Հալէպի մէջ», նշուած է Էյրոյի յայտարարութեան մէջ:

Նախապէս ան խիստ մտահոգութիւն յայտնած էր Հալէպի կացութեան առնչութեամբ` նշելով «վարչակարգին եւ անոր դաշնակիցներուն զանգուածային յարձակումը»: «Վերջին ժամերուն բռնութիւնները յանգեցուցած են զգալի թիւով քաղաքային անձերու զոհուելուն եւ հարկադրած հազարաւոր բնակիչներու` փախչիլ քաղաքէն», յայտարարած էր Էյրօ:

Սուրիոյ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը յայտնած էր, որ Սուրիոյ կառավարական ուժերը արեւելեան Հալէպի մէջ մէկ օրուան մէջ զինեալ ընդդիմութենէն ազատագրած են 14 թաղամասեր: Ըստ այդ կեդրոնին, զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած են աւելի քան 8500 հազար խաղաղ բնակիչներ: «Կառավարական զօրքերը գիշերուան ընթացքին շարունակած են յարձակողական գործողութիւնները արեւելեան Հալէպի` աւազակային խմբաւորումներու կողմէ գրաւուած շրջաններուն մէջ: Անցեալ օր ահաբեկիչներէն ամբողջովին ազատագրուած են արեւելեան Հալէպի 14 թաղամասեր (շուրջ 300 հազար բնակելի շինութիւններ)», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Հաղորդագրութեան մէջ նաեւ ընդգծուած է, որ զինեալներու վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէն դուրս եկած են աւելի քան 8500 հազար խաղաղ բնակիչներ, անոնցմէ շուրջ 4 հազարը` երեխաներ:

Մէկ օրուան ընթացքին 140 զինեալներ դադրեցուցած են դիմադրութիւնը եւ հեռացած տրամադրուած միջանցքներու ճամբով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+